ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական եւ Պատանեկան միութիւններու հայրենիքի ծրագիրներուն համար կայացած համերգին ելոյթ ունեցան Գոհար Յովհաննիսեան եւ Աղասի Իսբիրեան


Մարտ 1-ին, Մոնթրէալւ Հայ Կեդրոնի ՀՄԸՄ-Կամք մարզասրահին մէջ կայացաւ խրախճանք-համերգ, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան հայրենի երգիչներ Գոհար Յովհաննիսեան եւ Աղասի Իսբիրեան։ ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ) «Բեկոր Աշոտ» եւ «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղերու եւ ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան միութեան (ԳՊՄ) «Դրօ» եւ «Գետաշէն» մասնաճիւղերու կազմակերպած համերգի հասոյթը պիտի տրամադրուի երկու միութիւններու հայրենի ծրագիրներուն։

600 հայրենակիցներ, շուրջ 4 ժամ ունկնդրեցին եւ խանդավառուեցան Գոհարի եւ Աղասիի ազգային, հարենասիրական, ազգագրական եւ յեղափոխական երգերով։ Ձեռնարկի ընթացքին ՀՅԴ ԳԵՄ-ի եւ ՀՅԴ ԳՊՄ-ի ծրագիրներուն ի նպաստ կատարուեցան նուիրատուութիւններ։

Նշենք, որ ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան միութեան անդամները երկամեայ դրութեամբ կը կազմակերպեն երկշաբաթեայ Հայաստան-Արցախ հայրենիքի ծանօթացման շրջապտոյտ, որուն ընթացքին պատանիները կը ծանօթանան հայրենիքի տեսարժան վայրերուն ու պատմութեան։

ՀՅԴ ԳԵՄ-ը, 2012-էն ի վեր կը կազմակերպէ Վանաձորի ճամբարը։ 2012-ին, ՀՅԴ ԳԵՄ-ի 7 վարիչ անդամներ, կազմակերպած էին ամառնային ճամբար մը Վանաձոր քաղաքին մէջ, որու ընթացքին, 8-14 տարեկան հարիւր երեխաներ անվճար յաճախեցին ճամբար։ Ծրագիրը կ՚ընդգրկէր խաղեր, ձեռային աշխատանքներ, պատմութեան դասաւանդում, երգեցողութիւն եւ անգլերէնի դասաւանդում։ Իսկ Յուլիս 18-19, ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ) Վանաձոր քաղաքին մէջ ամառնային ճամբարի մասնակից 210 երեխաները հետեւեցան ԳԵՄ-ի անդամ գանատահայ 15 վարիչներու պատրաստած օրակարգային ծրագիրներուն։ 

 

ՀՅԴ ԳՊՄ պատանիները Արցախի մէջ, 2012

 

ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Վանաձորի ճամբար, 2013


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.