Մեծ Եղեռնի 100-ամեակին ընդառաջ՝ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ «Նոր Ծաղիկ» մանկապատանեկան երգչախումբը պիտի մեկնաբանէ Բարսեղ Կանաչեանի «Նանօր»ը

 

Հարցազրոյց Էլօ Պտղունի-Հարպոյեանի եւ Պետրոս Շուժունեանի հետ

Թղթակից.- Տեղեկացած էինք, որ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ «Նոր Ծաղիկ» մանկապատանեկան երգչախումբը իր յառաջիկայ համերգը նուիրած է Մեծ Եղեռնի 100-ամեակին, եւ պիտի մեկնաբանէ Բարսեղ Կանաչեանի «Նանօր»ը: Տիկ. Էլօ, դուք համերգին գեղարուեստական ղեկավարը եւ խմբավարն էք: Պիտի ուզէինք գիտնալ, թէ ինչպէ՞ս եղաւ անոր ընտրութիւնը, եւ ինչո՞ւ քերթուածերգին (cantate) տրուած է «Նանօրի Ուխտը» անունը: Հրամմեցէք:

Էլօ Պտղունի-Հարպոյեան.- Նախ, շնորհակալութիւն այս հարցազրոյցին համար: Ինչպէս գիտէք, «Նոր Ծաղիկ»ը արդէն մակարդակ ունեցող մանկապատանեկան երգչախումբ մըն է: 2006-էն ասդին եւ գրեթէ ամէն Ուրբաթ կատարուած փորձերը՝ անոր մէջ երգելու նուրբ արուեստ մը զարգացուցած են:

Պատիւ է եւ միաժամանակ մեծ պատասխանատուութիւն, որ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հովիւն ու Հոգաբարձութիւնը այս երգչախումբին խմբավարութիւնը ինծի վստահեցան սկիզբէն: Ամէն տարի «Նոր Ծաղիկ»ը իր համերգներով ապացուցեց, թէ աւելի ու աւելի «մասնագէտ» կը դառնայ երգելու արուեստին մէջ եւ կը ներշնչէ:

2012-ին էր, երբ եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող կազմերը հրաւիրուած էին տարեկան ընդունելութեան մը, եւ Բժ. Կարպիս Հարպոյեան «Նանօր»ը երգելու գաղափարը տուաւ: Հովիւը՝ Տ. Գառնիկ կարծէք պատրաստ էր անոր, եւ անմիջապէս խանդավառ՝ «Կ՚ընենք կոր», ըսաւ: Ես զգոյշ էի: Հարցումը որ մտքիս մէջ ծագեցաւ՝ սա էր. ինչպէ՞ս մեր մանկապատանեկան, հետեւաբար ո՛չ արհեստավարժ երգչախումբը պիտի երգէր զայն. «Նանօր»ը դիւրին ասպարէզ մը չէ: Հովիւը պիտի աճապարէր եւ գաղափարը յայտնէր տաղանդաւոր երաժիշտ Պետրոս Շուժունեանի: Պրն. Շուժունեան իր կարգին պիտի խանդավառուէր: Ապա հանդիպումով մը բացատրէր, թէ ինչպէս կը նախատեսէ պատշաճեցումը եւ նուագախմբային մշակումը: Համոզուած եւ քաջալերուած՝ պիտի ստանձնէի մարտահրաւէրը:

Առաջարկուեցաւ որ «Նանօր»ը խմբագրուի, այսինքն՝ անոր մէջ առնուին կրօնական եւ Մշոյ ազգագրական երգեր: Կրօնական երգերու ընտրութիւնը կատարուած էր, եւ պրպտումներէ ետք ազգագրական երգերու փունջ մը կազմեցի: Քերթուածերգին խմբագրուած տարբերակին «Նանօրի Ուխտը» անուանումը Տ. Գառնիկինն է: «Նանօրի Ուխտը» նոր սերունդին ուխտն է բարձրանալու դէպի հայ տենչերու եւ հայ արժէքներու գագաթը:

Հոգաբարձութեան կողմէ ծրագրին վաւերացումէն ետք, Պրն. Շուժունեան, որ երաժշտական խոր հմտութիւն եւ յօրինողական փորձառութիւն ունի, քերթուածերգը պատշաճեցուց եւ լարային նուագախումբի ու դաշնակի ընկերակցութեան համար մշակեց:

Թղթակից.- Պրն. Շուժունեան, կը խնդրենք որ բացատրէք ձեր ըրածը:

Պետրոս Շուժունեան.- Սիրով: Նախ կ՚ուզեմ յայտնել, որ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հովիւին եւ Հոգաբարձութեան այս որոշումը իմաստալից եւ գեղեցիկ է: Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի սեմին, ինչեր կարելի էր մտածել եւ ընել, բայց միշտ չէ, որ միտք, կարելիութիւն եւ մանաւանդ քաջութիւն կրնան համընկնիլ: Ահա Հովիւն ու Հոգաբարձութիւնը ստանձնած են որոշում մը, եւ ուզած են մեր նոր սերունդին, եւ ինչու չէ՝ նաեւ մեծերուն կտակել մշակութային վերաթարմացած աւանդ մը: «Նոր Ծաղիկ»ը պիտի ըլլայ այդ աւանդին առաջին մեկնաբանողը, իր մանկավարժ երգուսոյցին՝ Տիկ. Էլօ Հարպոյեանի շնորհալի խմբավարութեամբ:

«Նանօր»ը ծանօթ է: Բարսեղ Կանաչեանի ամենասիրուած գործն է: Ընդառաջելով Հովիւին եւ Հոգաբարձութեան՝ յանձն առի զայն պատշաճեցնել մանկապատանեկան երգչախումբի համար: Անշուշտ պէտք է յարգուէր Կանաչեանի կողմէ գրուած իւրաքանչիւր ձայնանիշ: Քերթուածերգին պատշաճեցումը եւ անոր համար միայն դաշնակի նուագակցութիւն գրելը՝ անբաւարար պիտի ըլլար, իսկ նուագախմբային բազմազան կարելիութիւններու օգտագործումը՝ ծախսալից: Ուստի, յարմար տեսանք դաշնակի նուագակցութեան հետ լարային նուագախումբի բաժին յօրինել, որպէսզի քերթուածերգին մտքի լայնութիւնը եւ յուզական խորքը աւելի զգալի ըլլայ:

 

Թղթակից.- Տիկ. Հարպոյեան, հաճեցէ՛ք Բարսեղ Կանաչեանի «Նանօր» ամփոփ ներկայացնել:

Էլիզապէթ Պտղունի-Հարպոյեան.- Կանաչեան «Նանօր»ը գրած է 1943-ին, զուտ երգչախմբային կատարման համար, այսինքն՝ առանց որեւէ նուագակցութեան: Տաղանդաւոր երաժիշտին գործերէն ամենակատարեալն է եւ ամենէն գեղեցիկը, գլուխ-գործոցը: «Նանօր»ը ուխտագնացութիւն մը կը պատմէ դէպի Մշոյ Սուլթան Ս. Կարապետ: Ըստ աւանդութեան, ժողովուրդը հռչականուն սուրբին ուխտի կ՚երթար մուրազներու իրականացում հայցելու համար:

Ձեզի տամ ամփոփ պատկերը խմբագրեալ քերթուածերգին:

Ուխտաւորներու թափօրը դէպի Մշոյ Սուլթան Ս. Կարապետ վանքը կը դիմէ նախ դանդաղ եւ ետքը՝ աշխոյժ ու ցնծագին: Ահա կու գայ «Մշոյ Սուլթան» մեներգը, որ ուխտաւորներուն անունով խոստովանութիւն մըն է ուղղուած Ս. Կարապետին: Ժողովուրդը կը ձայնակցի անոր: Դէպի ուխտավայր երթը կ՚աշխուժանայ, եւ ժողովուրդը կը հասնի Մշոյ Սուլթան Ս. Կարապետ: Այստեղ ներառնուեցան Կոմիտասեան Ս. Պատարագէն «Սուրբ, սուրբ»ը եւ «Ամէն. Եղիցի»ն, առաւել՝ Մակար Եկմալեանի «Տէր, Կեցո»ն: Ուրեմն, ուխտաւորները Ս. Պատարագին կը մասնակցին եւ Աստուծմէ կը խնդրեն, որ Ան յաւերժական պահպանութիւն շնորհէ հայոց: Ս. Պատարագը աւարտած է, եւ ուխտաւորները դուրս ելլելով պարելու, ուտելու եւ խմելու կ՚անցնին: Գինիի գովերգ մըն է, որ Կանաչեան գրած է այստեղ: Բայց մենք մանկավարժական մտահոգութեամբ չէինք կրնար փոքրիկներուն նման գովերգութիւն կատարել տալ: Ուստի Պրն. Շուժունեան այս բաժինին տուաւ դաշնակի միանուագային բնոյթ մը: Լայնցնելու համար Կանաչեանի «Նանօր»ը, հոս աւելցուցի Մշոյ ազգագրական երգերէն «Կիտուռ»ը, «Կռունկ, տաղդ անուշ»ը, «Հովն ընկաւ»ը եւ «Սուրբ Կարապետ»ը: Ուխտաւորներու նոր ալիք մը կու գայ կը հասնի վանք: Կրօնական ամփոփ պահ մը, որ ռնգային ձայնով կ՚արտայայտուի եւ «Ամէն»ով կը կնքուի: «Չանկլի»ի բաժինը, որ մեներգային սիրոյ աղերս մըն է, Պրն. Շուժունեան վերածեց լարային քառեակի սքանչելի յօրինուածքի մը: Աւարտը պայծառ յոյսով կը լրանայ:

Թղթակից.- Գրուած է, թէ Բարսեղ Կանաչեան դէմ եղած է «Նանօր»ին նուագակցութիւն յօրինելու գաղափարին: Ի՞նչ կը մտածէք:

Պետրոս Շուժունեան.- Այդ մասին լսած եմ: Բայց արդեօ՞ք Կանաչեան դէմ եղած է նուագակցութեան յօրինումին: Ինք զգայուն եւ խորունկ երաժիշտ էր, եւ վստահաբար շատ լաւ գիտէր, թէ նուագակցութիւն մը որ ազատ երաժշտական գիծ է՝ կը հարստացնէ երգաշարը, իսկ եթէ կրկնողութիւնն է՝ աւելորդ է…

Թղթակից.- Թերեւս իր ընդդիմութիւնը կու գար ուխտագնացներուն ընթացքը իրապաշտ պատկերացնելու գաղափարէ մը… եւ կամ…չմտնեմ ենթադրութիւններու մէջ: Կը փափաքիմ, Պրն. Շուժունեան, որ քերթուածերգին երաժշտական նկարագրութիւնը ընէք:

Պետրոս Շուժունեան.- Քերթուածերգի առաջին մասին գործիքաւորման նպատակս եղաւ լայնցնել անոր թեման, զայն ցայտուն դարձնել, նոյն՝ նախապատրաստել երգչախումբը: Այս մասը կը սկսի լարային նուագախումբի թաւ գործիքներով, որոնք ուխտագնացներուն յառաջխաղացումը կը պատկերացնեն: Անոնց դաշնակ մը կ՚ընկերանայ. զանգի հարուածներ կը լսենք: Ահա երգչախումբը ձայներու հերթականութեամբ մուտք կը գործէ: Նուագախումբ եւ երգչախումբ երկխօսական ընթացքով կը զարգանան:

Բարսեղ Կանաչեան «Նանօր»ը գրած է մեծերու երկսեռ եւ քառաձայն երգչախումբի համար: Պատշաճեցման աշխատանքս կը պահանջէր, որ որեւէ ձայնանիշ չկորսուէր, այլ պահպանուէր:

Առաջին մասին երկրորդ թեման աշխոյժ է: Երգչախումբը նուագախումբին հետ միասին ուրախ մթնոլորտ մը կ՚անցնի:

Երրորդը՝ «Մշոյ Սուլթան» մեներգի բաժինն է: Անիկա գրուած է պարիթօն ձայնի համար, թէ Կանաչեանի մօտ եւ թէ իմ պատշաճեցմանս մէջ: Բաժնին մեկնաբանման համար յարմար տեսնուեցաւ Էլի Պէրպէրեանը, որ թենօր ձայն է: Նկատի պէտք է ունենալ, որ մեներգը գրուած է բարձր պարիթօնի համար, որ թենօր մը կրնայ շատ դիւրաւ երգել: «Մշոյ Սուլթան» մեներգը կը կատարուի նուագախմբային եւ երգչախմբային խորքի վրայ:

Երգչախումբը ուրախ-զուարթ կ՚երգէ «Ս. Կարապետ բարձր է բոլոր»ը:

Կը յաջորդէ «Սուրբ, սուրբ», որ Կոմիտասի Ս. Պատարագէն քաղուած է: Նուագախումբը պարզ եւ անմիջական նախեղանակով մը կը պատրաստէ երգչախումբին մուտքը, որ ապա կ՚երգէ եռաձայն: Երգչախումբին նուագակցութիւնը բոլորովին նորութիւն մըն է. հարազատ սուրբ պահուան: Նոյն Ս. Պատարագէն «Ամէն. եղիցի»ն կը հետեւի: Այս երգէն առաջ նախադասութիւն մը կայ, որ պատարագիչը կ՚երգէ: Զայն օգտագործեցի՝ որովհետեւ շատ գեղեցիկ եւ հաստատուն եղանակ մըն է եւ լաւագոյնս կը պատրաստէ երգը: Զայն գրեցի դաշնակին համար: Երդչախումբը «Ամէն. եղիցի»ն կ՚երգէ նուագախումբով. փառաւոր երաժշտութիւն մըն է:

Կարճ անցումէ մը ետք, կ՚երգուի Մակար Եկմալեանի մշակած «Տէր, կեցո»ն: Աղաչական եւ վեհ այս երգին առաջին բաժինը պարիթօնին յատկացուած է, իսկ երկրորդը, որ «Զողորմութիւնդ» բառով կը սկսի՝ երգչախումբին: Նուագակցութիւնը վեր կը բռնէ թէ՛ մեներգը եւ թէ խմբերգը:

Ինչպէս Տիկ. Էլօն ըսաւ, Ս. Պատարագին կը հետեւի պարելու, ուտելու եւ խմելու պահը: Կանաչեան գինիի գովերգ մը գրած է այստեղ: Բայց մենք մանկավարժական մտահոգութեամբ չէինք կրնար գինին գովել տալ մեր մանուկներուն եւ պատանիներուն: Ուստի այս բաժինին դաշնակի միանուագ մը մշակեցի:

«Նանօր»ի կտաւին աւելցուած երկրորդ մասը հոս է: Երգչախումբը յաջորդաբար Մշոյ ազգագրական գոհարներ միաձայն կ՚երգէ: Քանի երգչախումբը միաձայն կ՚երգէ՝ նուագախումբին տուի շատ աշխոյժ եւ գունաւոր բնոյթ մը: Այս մասի «Ս. Կարապետ» երգին մէջ, պարիթօնը կարճ, բայց տպաւորիչ խաղեր ունի:

«Նանօր»ով ուխտաւորներու նոր ալիք մը կը հասնի վանք: Կրօնական խորունկ պահ մըն է, որուն կը յաջորդէ «Չանկլի»ի բաժինը. զայն լարային քառեակի վերածեցի: Կանաչեան հոյակապ աւարտ մը գրած է: Զայն պէտք էր կատարեալ ձեւով արտայայտել: Այդ է, որ ըրի երգչախումբին՝ պարիթօնին եւ նուագախումբին ամբողջական մասնակցութիւնը մշակելով:

Վերջին բացատրութեամբ մըն ալ շեշտեմ, որ գործիքաւորման առաջնորդող գաղափարս եղած է՝ հաւատարմութիւն Կանաչեանի յօրինածին: Հետեւաբար, գործիքաւորման փոփոխութիւններով հանդերձ՝ յօրինուածքը միշտ անփոփոխ պահպանած եմ:

Թղթակից.- Ասիկա երգելը իրապէս մեծ վարպետութիւն կ՚ուզէ: Անցեալները մէկը ըսաւ, որ մեծերը չեն կրնար «Նանօր»ը երգել, իսկ ինչպէ՞ս պիտի կարենան պզտիկները երգել: Տիկ. Հարպոյեան Ձեր պատասխանը ի՞նչ է:

Էլիզապէթ Պտղունի-Հարպոյեան.- Կը հասկնամ մտահոգութիւնը: Այո, մեր սիրողական երգչախումբերուն համար շատ դժուար է «Նանօր»ը: Իսկ գալով «Նոր Ծաղիկ»ին, անոր իւրաքանչիւր անդամը ընտրուած է. թէ՛ ականջ ունի, թէ՛ երաժշտութեան սէրը ունի, թէ՛ մանկապատանեկան արագ ընկալումի կարողութիւնը ունի: Առաւել՝ երգչախումբը ահա տարիներէ ի վեր երգելու արուեստին մէջ բաւական ճամբայ կտրած է: Անիկա լաւ գիտէ Ս. Պատարագը, եւ իր ստեղծումէն մինչեւ անցեալ տարի՝ կանոնաւոր պարբերականութեամբ բարձրորակ համերգներ տուաւ: Ասիկա իմ գնահատանքս չէ միայն…: Փոքրիկները ո՛չ թէ միայն կ՚երգեն, այլ նաեւ ճաշակով, գիտութեամբ եւ խոր զգացողութեամբ կ՚երգեն: Քերթուածերգը մեկնաբանելու որոշումէն ասդին՝ «Նոր Ծաղիկ»ը թէ՛ սորվեցաւ, եւ թէ արդէն ժամանակէ մը ի վեր յղկումի աշխատանքի մէջ է:

Թղթակից.- Վստահ եմ, որ յղկումի հսկայ աշխատանք մըն է, որ կը տանիք…

Էլիզապէթ Պտղունի-Հարպոյեան.- Ա՛յո, առանց չափազանցութեան:

 

Թղթակից.- Օգնականներ ունի՞ք:

Էլիզապէթ Պտղունի-Հարպոյեան.- Ուսուցողական աշխատանքիս կ՚օգնէ դաշնակահարը՝ դուստրս Տիկ. Դալար Հարպոյեան-Գալլօղլեան: Բայց միայն ուսուցողական ներդրումը չի բաւեր համերգի մը պատրաստութեան համար: Արտօնեցէ՛ք, որ այստեղ իր փութաջանութեան համար յատուկ կերպով յիշեմ Երէցկին Նինա Գոյունեանը, նաեւ «Նոր Ծաղիկ»ի Ծնողական Յանձնախումբը: Համերգը կանխող շաբթուան մէջ մեզի օգտակար պիտի ըլլայ ջութակահար Պրն. Վան Արմէնեան, որ լարային նուագախումբը կազմողն է եւ պատասխանատուն:

Թղթակից.- Ձեր բոլորին վարձքը կատար: Հաստատօրէն, «Նանօրի Ուխտը» քերթուածերգին այս առաջին մեկնաբանութիւնը՝ Մեծ Եղեռնի 100-ամեակին նուիրուած ամենապատշաճ նախաձեռնութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.