Պրիւքսելի մէջ բողոքի ցոյց Ատրպէյճանի դեսպանատան դէմ


 

Փետրուար 26, 2014-ի յետմիջօրէին, Պրիւքսելի մէջ բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի դեսպանատան դէմ, ի յիշատակ Ատրպէյճանի հայերու դէմ եղած փոկրոմներու զոհերուն՝ Սումկայիթի, Պաքուի, Մարաղայի, Մինկեշահուրի, Կիրովապատի եւ այլ քաղաքներու մէջ։ Ցոյցը կազմակերպած էր Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբը։

Մասնակիցները Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներով, ինչպէս նաեւ պաստառներով, անգլերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն ու հայերէն կանչերով, մօտ Ատրպէյճանին յիշեցուցին իր արիւնոտ անցեալն ու ներկան, 1988-ի փոկրոմներէն սկսեալ՝ մինչեւ Գուրգէն Մարգարեանի սպաննութիւնն ու Արմէն Յովհաննիսեանի նահատակութիւնը, թէ աշխարհասփիւռ հայութիւնը չի՛ մոռնար, եւ թէ ուշ կամ կանուխ՝ Ատրպէյճան պիտի ճանչնայ եւ ընդունի Արցախի ազատութիւնն ու անկախութիւնը։

 

 

 

Ներկաները Ատրպէյճանի դեսպանութեան ուղղուած նամակը կարդալէն ետք, քալեցին դէպի Պրիւքսելի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն ի յիշատակ խաչքարին քով։ Հայ զոհերու հոգիներուն հանգստեան համար աղօթքին ներկայ էին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար՝ պրն. Սէյրան Օհանեան, ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Աւետ Ադոնց, ՀՀ Նաթոյի դեսպան՝ պրն. Արմէն Ետիկարեան, գաղութի միութեանց ներկայացուցիչներ եւ ազգայիններ, որոնք ծաղկեպսակներ զետեղեցին խաչքարին առջեւ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.