Թրքական ազգային հետախուզուկան կազմակերպութիւնը (MIT) արաբերէնի տիրապետող անձերու կարիք ունի


 

«Թուրքիոյ ազգային հետախուզական կազմակերպութիւնը (MIT) կը փնտռէ արաբերէն լեզուին տիրապետող անձեր, ովքեր վերապատրաստուելէ ետք աշխատանքի կ՚անցնն յատուկ ծառայութեան շարքերուն մէջ»։

MIT-ը վերոնշեալ յայտարութիւնը տեղադրած է իր պաշտօնական կայքէջին վրայ։ Թրքական հետախուզութեան առաջադրած պահանջներով՝ դիմողները պէտք չէ 35 տարիքը թեւակոխած ըլլան, պէտք է տիրապետեն արաբերէնին, գրեն և կարդան, ունենան առնուազն միջնակարգ կրթութիւն, ինչպէս նաև մէկ տարի բնակած ըլլան արաբական որևէ երկրի մէջ։

Այսպիսով, ի յայտ կու գայ, որ Թուրքիոյ ազգային հետախուզական կազմակերպութիւնը ներկայ դրութեամբ արաբերէնին տիրապետող գաղտնի գործակալներու պակաս ունի, իսկ Սուրիոյ կացութիւնը եւ Իրաքի մէջ քաղաքական զարգացումները կը ստիպեն, որպէսզի Անգարան ապահովէ այդ ուղղութեամբ աշխատող հետախուզական կառույցի նոր մասնագէտներ։

Նշենք, որ անցնող տարիներուն MIT-ը կարիք ունեցած է նաև հայերէնի տիրապետող անձերու, որուն առնչութեամբ  յայտարարութիւն տարածած էր։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.