Ազրպէյճանական հակահայ քարոզչութիւն. Նիւ Եորքի մեթրոյի կայարաններու եւ փողոցներու մէջ Խոջալուի մասին որմազդներ


 

«Նիուզ.ազ» կը հաղորդէ, որ ընթացք առած է Միացեալ Նահանգներու բնակչութիւնը «Խոջալուի ցեղասպանութեան» մասին տեղեկացնելու Անար Մամմատովի հիմնած Ազրպէյճան-Ամերիկա դաշինքի նաձեռնարկած արշաւը։

Վերոնշեալ Դաշինքէն աղբիւր մը յայտնած է, որ դէպքին վերաբերեալ որմազդներ տեղադրուած են Նիւ Եորքի մեթրոյի 34 կայարաններու մէջ եւ պակերասփռումներ կատարուած են Նիւ Եորքի շարք մը փողոցներու շէնքերուն վրայ:

 

Դէպքին մասին վիճակագրական թիւեր նկարի ձեւով զետեղուած են Նիւ Եորքի կեդրոնական թաղամասերուն մէջ գտնուող շէնքերու վրայ։ Այդ մէկը կը կատարուի ինքնաշարժի մը կողմէ, որ օժտուած է յատուկ սարքով մը, որ երեկոյեան եւ գիշերները խճողուած վայրերու մէջ լուսանկարները շէնքերու վրայ կը պատկերասփռէ։

Արշաւին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կարելի է գտնել www.azerbaijanamericaalliance.org կամ www.facebook.com/pages/Azerbaijan-America-Alliance -ի վրայ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.