«ԹԵՐԶԱՆ 7»-Ը ԱՍՏՂԱՅԻՆ ՀԱՄԱՍՏԵՂՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐԱԾ ՀԱՅ ԱՍՏՂԱԳԷՏԸ


 

Զայն յայտնաբերած ֆրանսահայ աստղագէտ Յակոբ Թերզանի անունով կոչուած «Թերզան 7» աստղերու հոյլը, որ մեր աստղային համաստեղութենէն 75 հազար լոյսի տարիներ հեռու կը գտնուի, ներկայիս բախում կ՚ունենայ եւ «կը կլանուի» մեր աստղային համաստեղութեան՝ Ծիր Կաթինի մէջ կողմէ։ Ըստ ՆԱՍԱ-ի կայքէջին կը թուի, թէ այդ աստղահոյլը արդէն «առեւանգուած է» իր նախկին վայրէն եւ այժմ մեր աստղային համակարգին մաս կը կազմէ։

Յակոբ Թերզան ծնած է Պոլիս 13 Հոկտեմբեր 1927-ին։ Ան 1960-ական թուականներու ընթացքին 710 աստղեր յայտնաբերած է եւ 11 աստղերու հոյլեր, ներառեալ «Թերզան 5»-ը եւ «Թերզան 7»-ը, զորս յայտնաբերած է 1968-ին։ Աւելի ուշ ան 4430 նոր աստղեր յայտնաբերած է եւ բազմահազար այլ երկնային մարմիններ։

Յակոբ Թերզան անդամ է Ֆրանսայի աստղաբաշխութեան ազգային ակադեմիային եւ Աստղաբաշխական միջազգային միութեան։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.