ԼՈՐԱ ՊԱՅԹԱՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՕՆԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ԱՌԱՋԱԴՐՈՒԱԾ Է


Թուրքիոյ մէջ քաղաքապետատական ընտրութիւններուն նախօրեակին հայ կին մը առաջադրուած է քաղաքապետի թեկնածու։

Թուրքիոյ մէջ նոր կազմուած Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը Ալեքսանտրեթ նահանգի Սամանտաղի (Սուէտիա) քաղաքապետի թեկնածու առաջադրած է ազգութեամբ հայ Լորա Պայթարը (Չափար)։

Լորա Պայթար 2013-ին ամուսնացած է Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղի՝ Վագըֆլըի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ խորհուրդի նախագահ Ճեմ Չափարի հետ։

Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը նախապէս Պոլսոյ Պաքըրքոյի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրած էր Նուարդ Պաքըրճըօղլուն։

Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը իր թեկնածուները կը ներկայացնէ համանախագահութեան սկզբունքով, այսինքն, մէկ տղամարդ եւ մէկ կին։ Պաշտօնապէս կ՚ընտրուի մէկը, սակայն ընտրուելու պարագային կառավարումը պիտի կատարուի համանախագահութեան սկզբունքով։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.