Սեւան Նշանեան Կը Բողոքէ Իր Բանտային Պայմաններուն Դէմ


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Լրագրող Հրանդ Գասպարեան կը տեղեկացնէ, թէ «Տեմոքրաթհապեր» կայքին վրայ հրատարակուած է Սեւան Նշանեանի կողմէ գրի առնուած նամակ մը` ուղղուած յայտնի հրապարակագիր Հասան Ճեմալին: Սեւան Նշանեան, որ ներկայիս բանտարկուած է ապօրէն շէնք կառուցելու ամբաստանութեամբ, իր վրայ ուշադրութիւն հրաւիրած է` բանտ մտնելով: Թէեւ անոր կ՛արտօնուի ամիսը քանի մը օր արձակուրդով տուն վերադառնալ, սակայն յայտնի է, որ ան նշաւակ դարձած է որոշ խտրականութեան մը, որմէ սրտաբացօրէն գանգատած է իր նամակին մէջ: Գասպարեան հայերէնի թարգմանած է նամակը, զոր կը հրատարակենք ստորեւ.
«Սիրելի Հասան Ճեմալ,
Այն օրերուն, երբ ես բանտ կը մտնէի, դուք կոչ մը ըրած էիք «Սեւան Նշանեանը Վաղը Բանտ Կը Մտնէ, Լուր Ունի՞ք» խորագրեալ յօդուածով եւ ըսած էիք, որ ինծի պէտք է յանձնուէր համակարգիչ: Ձեր այդ կոչը լաւատեսութիւն ներշնչած էր: Մէկ ու կէս ամիս ետք, այդ լաւատեսութենէն բան չէ մնացած մէջս:
Երբ առաջին անգամ եկայ հոս, ժպիտով դիմաւորուեցայ: «Պարոն հեղինակը եկեր է, բարի գալուստ», ըսին: Բանտին տնօրէնը քանի մը անգամ իր մօտ կանչեց զիս եւ զրոյցներ ունեցաւ հետս: Առաջարկեցի, որ ես աշխատիմ գրադարանը վերականգնելու: Առաջարկս դրական գտնուեցաւ եւ նշանակուեցայ գրադարանավառ: «Ինծի տուէք երկու անգամ երկու մեթր քառակուսի անկիւն մը, ինծի թող յանձնուի իմ համակարգիչս, գիրքիս համար կրնամ աշխատիլ այդ կերպով եւ այս անիծեալ բանտարկութենէն կրնամ բան մը ստեղծել», ըսած էի: «Ինչո՞ւ չէ», ըսին եւ մինչեւ իսկ համացանցի հասնելու հնարաւորութեան մասին նշաններ տուին:
Երեք օր ետք, սակայն, հեռաձայն մը եկաւ վերէն եւ ամէն ինչ փոխուեցաւ: Դէմքերը կախերես դարձան, զիս շրջապատողները սկսան իրենց աչքերը փախցնելու: Խուսափողական խօսքեր արտայայտելու սկսան: Վերականգնելէն անմիջապէս ետք, գրադարանը կղպուեցաւ, վերջ տրուեցաւ իմ պաշտօնավարութեան: Համակարգիչի պահանջս մերժուեցաւ: Սպառնական ոճով ինծի ըսին` «Քայլերուդ ուշադրութիւն ըրէ, առաջին իսկ սխալ քայլին կը փոխադրուիս փակ բանտ»:
Բաց բանտի պայմաններով ազատազրկուածները դուրսը հասարակական կառոյցի մը մէջ աշխատելու իրաւունք ունին: Բայց իմ առջեւ ատոր ալ պատնէշ մը քաշեցին: «Եթէ կ՛ուզես, որպէս բանուոր` կրնանք քեզ ուղարկել քաղաքի գերեզմանատունը աշխատելու» ըսին: Ուրիշ գործ չկայ եղեր:
Տեղեակ եմ, որ զանազան բանտերու մէջ կալանաւորները կ՛օգտագործեն համակարգիչ: 2001ին Սելչուքի փակ բանտին մէջ անգամ ինծի թոյլատրուած էր գործածել համակարգիչ: Տասը ամսուան ընթացքին ես բառարան պատրաստելու համար աշխատած էի: Հոս բարեացակամութեան բացակայութիւնը, չեմ կարծեր, որ կը ծագի տեղական վարչութենէն: Կը կարծեմ, որ վերին իշխանութիւններէն հրահանգ մը եկաւ եւ ըսուեցաւ. «Այս մարդը պէտք է ստորնացնենք»: Դատական նախարարութեան պաշտօնավարութենէ՞ն էր որ եկաւ այդ հրահանգը, թէ աւելի բարձր մակարդակէ` վստահ չեմ:
Այժմու դատական նախարար Պեքիր Պոզտաղ, իմ յօդուածով արտայայտուած գաղափարներուս պատճառով, իմ մասիս գործածած է «հիւանդ հոգեբանութեամբ մարդ», «ցնորած», «ներկայ դարաշրջանի» «Էպու Ճեհիլը (անգրագիտութեան հայրը) », «հոգեպէս անկայուն» ասութիւնները:
« Ինծի նկատմամբ ցուցաբերուած այժմու վերաբերումին մասին մտածելու ընթացքին, միտքս կու գայ այն հաւանականութիւնը, որ թերեւս կապ մը կայ այդ կոչին հետ»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.