ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐ (1)
Ապու Եահիա Ալ Ազերի
Էմիլ Սուլէյմանով Կեդրոնական Ասիա-Կովկաս վերլուծողական կայքէջին վրայ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ սուրիական քաղաքացիական պատերազմին մէջ Ազրպէյճանի քաղաքացիներուն մասնակցութեան մասին լուրերը վերջերս աւելի յաճախակի դարձած են: Այդ հակամարտութեան մասնակից ազրպէյճանցի կամաւորներու տունդարձը կրնայ լրջօրէն վտանգել ինը միլիոն բնակչութիւն ունեցող եւ Թուրքիա-Իրան-Ռուսիա խաչմերուկին վրայ գտնուող երկրին ներքին կայունութեան։
ՆԱԽԱԲԱՆ
Սուրիոյ յարանուանական պատկերը կը նմանի Ազրպէյճանի յարանուանական պատկերին, սակայն շրջուած ձեւով։ Պաշտօնապէս, ազրպէյճանցիներուն շուրջ երկու երրորդը շիի են։ Բնակչութեան մէկ երրորդը սիւննի է եւ կեդրոնացած երկրին հիւսիսային նահանգներուն մէջ։ Սիւննի են Ազրպէյճանի մէջ բնակող ազգային փոքրամասնութիւններէն լեզգիները, աւարները եւ ժողովրդագրականօրէն տկար շարք մը փոքրամասնութիւններ, որոնք տարածուած են Տաղստանի հետ սահմանին վրայ։ Թէեւ ազրպէյճանցիներու մեծամասնութիւնը ինքզինք իսլամ կը նկատէ, սակայն եօթ տասնամեակներու վրայ երկարած խորհրդային իշխանութեան պատճառով աշխարհիկ դարձած է։ Շարք մը հարցախոյզեր ցոյց կու տան, որ ազրպէյճանցիները կրօնական հարցերով հետաքրքրուած չեն։
Վերջերս սակայն, կրօնքի դերակատարութիւնը աճ արձանագրած է՝ շարք մը ազդակներու իբրեւ հետեւանք։ Առաջին՝ երկրին մէջ քաղաքական ընդդիմութեան դէմ լայնածաւալ ճնշումը պատճառ դարձած է, որ աշխարհիկ քաղաքական կուսակցութիւնները նկատառելի կերպով տկարանան։ Այդ կուսակցութիւնները իրենց ժողովրդականութիւնը կորսնցուցած են վարչակարգին հետ գործակցելնուն կամ ապիկարութեան եւ իրենց ղեկավարներու տկարութեան իբրեւ հետեւանք։ Երկրորդ՝ թէեւ ազրպէյճանցիներու մեծամասնութիւնը աշխարհիկութեան բարձր մակարդակով կը բնորոշուի, սակայն իսլամութիւնը իբրեւ մշակութային երեւոյթ կը շարունակէ բնակչութեան որոշ հատուածին մէջ, մասնաւորաբար գիւղական շրջանի բնակիչներուն մէջ դերակատարութիւն ունենալ։ Երրորդ՝ աշխարհի տարածքին քաղաքական իսլամութեան վայելած ժողովրդականութեան լոյսին տակ՝ ազրպէյճանցի երիտասարդներու մէկ մասը տարուած է սալաֆականութեան յեղափոխական գաղափարախօսութեամբ, ինչպէս նաեւ բարեպաշտութեան, համերաշխութեան եւ բարօրութեան սկզբունքներու վրայ հիմնուած արդար իսլամական պետութեան մը հաստատման ատոր նպատակին համար։
Մինչ ազրպէյճանցիներու մեծամասնութիւնը կը շարունակեն չհետաքրքրուիլ կրօնական հարցերով՝ երկրին արմատականացած իսլամները Իրանէն կամ տաղստանցի ժիհատականներու կողմէ աջակցութիւն ստացած են։ Փաստերը ցոյց կու տան, որ մինչ երկրին շիի արմատականները Թեհրանի զօրակցութիւնը վայելող Հըզպալլայի խմբակներու մէջ զինուորագրուած են՝ սիւննի արմատականները Ազրպէյճանի մէջ սալաֆական պետութեան մը հաստատումը կը ջատագովեն, ինչ որ առնչուած կրնայ ըլլալ Հիւսիսային Կովկասի մէջ Աստուածապետութեան մը՝ Կովկասեան Ամիրայութեան, որ տարածաշրջանին մէջ ռուսական իշխանութեան դէմ պատերազմ կը մղէ։
Թէեւ Ազրպէյճանի սիւննի եւ շիի համայնքներէն արմատականները ազրպէյճանական իրաւապահ մարմիններու բռնաճնշումներուն պատճառով տկարացած են, անոնք կը շարունակեն երկրին մէջ ապահովական մտահոգութիւն մը ներկայացնել՝ ի հեճուկս բնակչութեան մէջ իրենց ներկայացուցած փոքր թիւին։
ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ
Ազրպէյճանի քաղաքացիներու սուրիական քաղաքացիական պատերազմին մասնակցութիւնը այս վերջին ընթացքին համահունչ է։ Ազրպէճանի սիւննի արմատականները Թուրքիոյ ճամբով մեծ թիւերով Սուրիա կը մեկնին մաս կազմելու համար վարչակարգի ուժերուն դէմ կռուող միջազգային ժիհատական ջոկատներուն։ Ըստ կարգ մը տուեալներու, ազրպէյճանցի շուրջ 300 քաղաքացիներ, մաս կազմած են ժիհատական խումբերու, մասնաւորաբար Քայիտայի հետ կապ ունեցող Ժապհաթ Նուսրայի եւ Ժէյշ ալ-Մուհաժիրին ուալ-Անսարին։
Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութեան (ՏԱՀԵՇ) զինեալներու հետ դաշնակցելով՝ ազրպէյճանցի ժիհատականները մեծ մասամբ կը գործեն Սուրիոյ Թուրքիոյ սահմանակից հիւսիսային նահանգներուն մէջ, մասնաւորաբար Իտլիպ եւ Հալէպ նահանգներուն մէջ։ Նկատի ունենալով, որ անոնք ռուսերէնի կը տիրապետեն՝ ազրպէյճանցի զինեալները Հիւսիսային Կովկասէն, Կեդրոնական Ասիայէն եւ Վոլկա-Ուրալ շրջանէն եկած ժիհատականներու հետ անջատ խումբեր կը կազմեն։ Ազրպէյճանցի հռչակաւոր ժիհատական մը՝ Ապու Եահիա ալ-Ազրեի, որ անցեալ տարի կռուի ընթացքին սպաննուած էր, չեչեն ժիհատական հրամանատարներ Ապու Ումար ալ-Շիշանիի եւ Սալահուտին ալ-Շիշանիի սերտ գործակիցներէն մէկն էր եւ շարք մը տեսերիզներու մէջ անոնց կողքին կþերեւէր։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ շուրջ հարիւր ազրպէյճանցի շիիներ վերջին ամիսներուն Սուրիա մեկնած են՝ կազմելով Ասատի վարչակարգին կողքին կռուող ազրպէյճանական հրամանատարութեամբ իրանեան զինեալ խմբակներու կորիզը։ Կը թուի, թէ Սուրիա մեկնող ազրպէյճանցի շիի կամաւորներուն նկատառելի մէկ մասը կազմուած է իրանեան Քոմ եւ Մաշհատ քաղաքներուն մէջ գտնուող իսալմական աստուածաբանութեան կեդրոններու ուսանողներէ։ Մինչ ազրպէյճանցի ժիհատականներու մեծամասնութիւնը կը թուին երկրին հիւսիսէն, Պաքուէն եւ հիւսիսարեւմտեան կարգ մը շրջաններէ ըլլալ՝ շիի արմատականները մեծամասնութեամբ Ապշերոն թերակղզիի եւ Լենքորան շրջանէն են։ Վերջինս իրանամէտ շիի արմատականութեան կեդրոնը կը նկատուի։
Ազրպէյճանցի կամաւորներու զինուորագրման ձեւը հետաքրքրական է։ Ազրպէյճանցի ժիհատականները անհատական միջոցներով կը մեկնին Սուրիոյ ռազմաճակատ եւ այդտեղ հասնելէ ետք կը միանան խմբակներու՝ հիմնուելով իրենց անհատական ծանօթութեանց կամ թուրք, հիւսիային կովկասցի կամ սուրիացի ժիհատականներու կողմէ աջակցութեան վրայ։
Շիի արմատականները կը թուին զինուորագրման աւելի կազմակերպուած ձեւի մը հետեւիլ եւ իրանեան իշխանութիւնները աջակցութիւնը վայելել։ Անոնք իրանեան իշխանութիւններու կողմէ պատերազմական գօտի կը փոխադրուին եւ տարբեր զինեալ խմբաւորումներու մէջ կը խմբուին։ Իրանեան իշխանութիւնները հաւանաբար կամաւորներուն նախնական մարզումը կը կատարեն։ Այս ենթադրութիւն հիմնուած է այն իրողութեան վրայ, որ ազրպէյճանցի շիի զինեալներու դիակները Ազրպէյճան կþուղղարկուին Իրանէն, քայլ մը, որ իրանեան իշխանութեան հաւանութեան կը կարօտի։
Իրանամէտութեամբ ծանօթ շարք մը շիի ազդեցիկ ղեկավարներ՝ ինչպէս Էլշան Կուլիեւ, Էլշան Մուսթաֆաօղլու եւ Իլկար Իպրահիմօղլու ժիհատականներուն Սուրիոյ պատերազմին մասնակցութիւնը նկատած են՝ բոլոր շիիներու բնական դաշնակից, իրանամէտ ալեւի Ասատը տապալելու ամերիկեան աջակցութեամբ ջանքերու մէկ այլ ցուցանիշ մը։ Բայցեւայնպէս, Ազրպէյճանի իշխանամէտ հոգեւորականութիւնը՝ ղեկավարութեամբ շէյխ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի, Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ կեցուածք չէ արտայայտած։