ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ


 

Ռոպերթ Քոչարեան, Սերժ Սարգսեան եւ Տիգրան Սարգսեան


Մարիանա Գրիգորեան «Եուրէյժարիվիու»ի կայքէջին վրայ զետեղուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կողմէ վերջերս ներկայ իշխանութիւններուն ուղղած քննադատութիւնները Երեւանի մէջ այն վարկածը յառաջացուցին, թէ ան կը ծրագրէ քաղաքական բեմ վերադառնալ։

Ծնունդով ղարաբաղցի, 59-ամեայ Քոչարեան Հայաստանի նախագահն էր 1998-2008 թուականներուն։ Անոր վերջին քննադատութեանց թիրախը վարչապետ Տիգրան Սարգսեանն է, որ ըստ Քոչարեանի «բարոյապէս թերի», «միջակութիւն» եւ «տկար» է։ Քննադատութեան հրապարակային բնոյթը բազմաթիւ քաղաքական վերլուծաբաններու կողմէ նկատուեցաւ ցուցանիշ մը, թէ Քոչարեան կ՚ուզէ քաղաքական բեմ վերադառնալ։

2008-ի վիճելի ընտրութիւնն ու անոր յաջորդող ցոյցերը, որոնց ընթացքին առնուազն 10 զոհ արձանագրուեցաւ, Քոչարեանի քաղաքականութենէն ելքը մրոտեցին։ Սակայն վերջին տարիներուն պայմանները փոխուեցան։ Նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ղեկավարած Հայ ազգային քոնկրէսը, որ տարիներով գլխաւոր ընդդիմադիր ուժն էր, իր ազդեցութիւնը կորսնցուց. մինչ այդ՝ ներկայ նախագահ Սերժ Սարգեանի վարչակազմին նկատմամբ հասարակական վստահութիւնը նուազեցաւ՝ մեծ մասամբ շարունակուող տնտեսական դժուարութեանց պատճառով։ Ազգային վիճակագրութեան տուեալները ցոյց կու տան, թէ անցեալ հինգ տարիներուն ընթացքին աղքատութեան համեմատութիւնը 17 առ հարիւրով աճած է, իսկ աղքատութեան վարկանիշէն ցած ապրողներուն թիւը գրեթէ կրկնապատկուելով հասած է 32.4 առ հարիւրի։ Նոյն ատեն, ըստ կառավարութեան, 2008-2013 թուականներուն 246 հազար քաղաքացի վերջնականապէս հեռացած են Հայաստանէն։

Ուրեմն ներկայ պայմանները Քոչարեանի համար առիթ մը կը ստեղծեն։ Անկախ քաղաքական փորձագէտ Երուանդ Պոզոյեան կը յայտնէ, որ իբրեւ քաղաքական գործիչ անոր նկատմամբ հետաքրքրութեան պատճառը բացակայութիւնն է լուրջ քաղաքական խմբակի մը, որուն կրնայ յոյս կապել ժողովուրդը, որ ներկայ իշխանութեանց այլընտրանք մը կ՚ուզէ տեսնել։

Ըստ վերլուծաբաններու, Հարաւային Կովկասի տարածքին մարդիկ հակուած են սպասելու քաղաքական մեսիայի մը՝ մէկը, որ բարդ հարցերուն արագ լուծումի մը յոյսը կը ներշնչէ։ Կարգ մը հայերու համար՝ Քոչարեան ճիշդ այդ փրկիչն է, նկատի ունենալով, որ իր նախագահական շրջանը յարաբերաբար յաջող կը նկատուի։

Կը թուի, թէ Հայաստանի իշխող ՀՀԿ-ի (Հանրապետական) ղեկավարները կը գիտակցին իրենց կուսակցութեան ժողովրդականութեան անկումին եւ Քոչարեանի ներկայացուցած վտանգին։ Յունուարի կիսուն տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Հայաստանի կրթութեան նախարար Արմէն Աշոտեան փորձեց Քոչարեանի հաւաստիութիւնը ականահարել։ Ան ըսաւ, որ Քոչարեանի վերադարձը ճիշդ կրնար ըլլալ, եթէ երկիրը «վտանգաւոր կացութեան» մը մէջ ըլլար եւ «ժողովուրդին կողմէ ուժգին պահանջ» մը ըլլար, սակայն այդ նախապայմաններէն ոչ մէկը ապահովուած է։ Աշոտեան աւելցուց, որ Քոչարեան պէտք է բացայայտ կերպով յայտարարէ, որ կ՚ուզէ իշխանութեան վերադառնալ. բան մը, որ ան չէ կատարած։

Քոչարեան կը թուի նախընտրել մարդիկ անորոշութեան մէջ ձգել։ Քաղաքական փորձագէտներու միութեան նախագահ Հմայակ Յովհաննիսեան չի բացառեր «ռուսական դիպաշար» մը, ըստ որու, Սարգսեան նախագահութիւնը կը ստանձնէ, իսկ Քոչարեան վարչապետութիւնը։ Սարգսեան այդպիսի գործարքի մը պատրաստակամութեան որեւէ նշան չէ տուած։

Միւս կողմէ, Երեւանի Շրջանային ուսումնասիրութեանց կեդրոնի տնօրէն Ռիչըրտ Կիրակոսեան այդպիսի փոփոխութեան մը կարելիութիւն չի տեսներ։ Ըստ անոր, Քոչարեան չի կրնար 2008-ին տեղի ունեցած քաղաքական բռնարարքներուն աւանդի արգելքը յաղթահարել՝ աւելցնելով, որ հայերու մեծամասնութիւնը Քոչարեանը անձնապէս պատասխանատու կը նկատեն Մարտ 2008-ին տեղի ունեցած բռնարարքներուն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.