Մամուլի Ազատութեան Բնագաւառին Մէջ Հայաստան Բարելաւած Է Իր Դիրքը


 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմինիա Նաու».– «Լրագրողներ առանց սահմաններու» իրաւապաշտպան կազմակերպութեան հրապարակած 2014ի մամլոյ ազատութեան համաշխարհային ցանկին համաձայն՝ Հայաստան երեք կէտով բարելաւած է իր դիրքը եւ 180 երկիրներու կարգին կը գրաւէ 78րդ հորիզոնականը:
Հայաստան տարածաշրջանային իր դրացիներէն՝ Վրաստանէն (84րդ) եւ Ատրպէյճանէն (160րդ) առաջատար է, Թուրքիան եւ Իրանն ալ կը գրաւեն համապատասխանաբար 154րդ եւ 173րդ հորիզոնականները:
Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան կազմին մէջ մտնող նախկին խորհրդային երկիրներէն միայն Մոլտովան շրջանցած է Հայաստանը՝ 56րդ դիրքը գրաւելով: Ռուսիան կը գտնուի 148րդ դիրքին վրայ:
Ցանկը կը գլխաւորէ նախապէս եւս նոյն դիրքի վրայ եղած եռեակը՝ Ֆինլանտան, Հոլանտան եւ Նորվեկիան, իսկ Թուրքմէնիստանը, Հիւսիսային Քորէան եւ Էրիթրէան կը շարունակեն գրաւել վերջին երեք դիրքերը։
Մամուլի ազատութեան ցանկը հիմնուած է եօթը չափանիշներու վրայ՝ չարաշահումներու մակարդակը, բազմակարծութեան աստիճանը, զանգուածային լրատուամիջոցներու անկախութիւնը, շրջակայ միջավայրը եւ ինքնագրաքննութիւնը, օրէնսդրական դաշտը, թափանցիկութիւնը եւ ենթակառուցուածքները։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.