ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ԳՈՐԾԱԿԻՑ, «ԹԱՐԱՖ» ԹԵՐԹԻ ԽՄԲԱԳԻՐ ՕՐԱԼ ՉԱԼԸՇԼԱՐԻ ՀԵՏ


 

 

«Տարիներ առաջ, երբ Տիգրանակերտ կ՚այցելէի, միայն քիւրտերու կը հանդիպէի, սակայն վերջին այցելութիւններուս ընթացքին բազմաթիւ «նոր հայեր»ու կը հանդիպիմ եւ «նոր հայեր»ու այդ հասարակութիւնը հետզհետէ կը մեծնայ»

՚

Յունուար 19-ին, Մոնթրէալի մէջ կայացած Հրանդ Տինքի յիշատակի ոգեկոչման հանդիսութեան գլխաւոր բանախօսն էր «Ռատիքալ» թերթի խմբագիր եւ Տինքի ընկերներէն Օրալ Չալըշլար: Ան ծնած է 1946-ին, Տարսոն: Ուսանած է մեքենական երկրաչափութիւն եւ ուսանողական տարիներուն միացած է ձախակողմեան շարժումներու: Մասնակցած է 1968-ի ուսանողներու կողմէ Իսթանպուլի համալսարանի գրաւման:

1971-ի զինուորական յեղաշրջման օրերուն իբր ձախակողմեան կը ձերբակալուի եւ կը բանտարկուի 3 տարի: Ազատ արձակուելէ ետք, 1978-ին կը ստանձնէ «Այտինլիք» թերթի խմբագրի պաշտօնը, միաժամանակ այլ ձախակողմեան գործիչներու հետ կը հիմնէ «Բանուորական եւ գիւղացիական կուսակցութիւն»ը:

1980-ի թրքական զինուորական բռնատիրութեան օրերուն կրկին կը ձերբակալուի: 1988-ին ազատ կ՚արձակուի: 1992-2008 կ՚աշխատակցի «Ճումհուրիէթ» թերթին, իսկ 2008-ին ստանձնած է «Ռատիքալ»ի խմբագրութիւնը: Ներկայիս 

Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթի խմբագիր եւ Հրանդ Տինքի մտերիմ բարեկամներէն Օրալ Չալըշլար «Հորիզոն»-ի աշխատակից Մհեր Գարագաշեանի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Տինքի հետ առաջին անգամ հանդիպած է 1995-ին, երբ օրին ինք կ’աշխատէր «Ճիւմհիւրրիյէթ» օրաթերթին մէջ։ Տինք իրեն հետ հանդիպում ունեցած է եւ ներկայացուցած գաղափարը թրքերէն լեզուով լոյս տեսնող օրաթերթի մը, որ «Ակօս» պիտի կոչուէր եւ իրմէ խնդրած է յօդուածներով աշխատակցիլ շաբաթաթերթին։ Ան ընդառաջած է դիմումին եւ սկսած է Պոլսոյ մէջ թրքերէնով լոյս տեսնող միակ հայկական թերթին մէջ յօդուածներ գրել, որմէ ետք Տինքի հետ իր յարաբերութիւնները սերտացած են, որովհետեւ նոյն մտայնութիւնը ունեցած են։ Անձնական բարեկամութիւնը նաեւ վերածուած է ընտանեկան բարեկամութեան։

Հրանդ Տինք Չալըշլարի խօսած է Թուրքիոյ մէջ հայերուն դիմագրաւած դժուարութեանց մասին եւ ան այդ մասին յօդուածներ գրած է։ Նոյնը կատարած է Չալըշլարի կինը, որ օրին «Ճիւմհիւրիյէթ»-ի կիրակնօրեայ յաւելուածին գլխաւոր խմբագիրը եղած է։

Տինք Չալըշլարի հետ մասնակցած է հրապարակախօսութեանց, որոնցմէ մէկը տեղի ունեցած է Տրապիզոնի մէջ, ուր շատեր մօտեցած են Տինքի յայտնելով, որ իրենց հայրը, մայրը կամ նախահայրերը հայեր են։ Անոնցմէ շատեր լուսանկարներ տուած են Տինքի եւ խնդրած, որ զանոնք «Ակօս»-ի մէջ հրատարակէ, որովհետեւ կ’ուզեն իրենց ազգականները գտնել։

Հետագային Հրանդ Տինք դարձած է հռչակաւոր անձնաւորութիւն մը։ Չալըշլար հաւանական կը նկատէ, որ ատոր պատճառը քրտական զինեալ պայքարն էր, որուն պատճառով մարդիկ փոքրամասնութեանց հարցերը սկսած են աւելի դիւրին ընկալել։ Ըստ անոր, քրտական շարժումն է, որ Թուրքիոյ նկատմամբ թրքահայերու զգայնութիւնը յառաջացուցած է։

Խօսելով Հրանդ Տինք մարդուն մասին՝ Չալըշլար կը յայտնէ, որ ան շատ հետաքրքրական անձնաւորութիւն մըն էր եւ «բացառիկ հայ մը», որովհետեւ մինչ այդ մարդիկ գիտէին, որ Թուրքիոյ հայերը քաղաքական հարցեր չեն քննարկեր եւ ատկէ կը խուսափին, սակայն Տինք բացայայտ կերպով կը խօսէր իր հօր եւ մեծ հօր սպանութեանց մասին, սակայն կ՚ընդգծէր, որ ինք թուրք ժողովուրդին թշնամին չէ, այլ՝ բարեկամը։ Սակայն հարց կու տար.«Ինչո՞ւ հայրս սպանեցիք» եւ այդ մասին խօսելու հրաւէր կ՚ուղղէր։ «Ատիկա կը կարծեմ 1915-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կը պատահէր», ըսաւ Չալըշլար։

Ան կը յայտնէ, որ Տինք տիպար անատոլուցի մարդու կերպար մըն էր՝ վիճաբանող, առնական, զգայուն եւ համակրելի։ Բոլորը անոր մէջ իրենց մէկ նմանութիւնը կը տեսնէին։ Ան թէ՛ յեղափոխական, թէ՛ ազգայնական եւ թէ՛ մարդկայնական էր։ Հրանդ Տինք քաջ էր եւ ձախակողմեան, սակայն ոչ այլ ձախակողմեաններուն նման։

Չալըշլար նշեց, որ Տինք մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ Թուրքիոյ վրայ։ Միլիոնաւոր մարդիկ անոր մահը անկեղծօրէն ողբացին, ինչ որ, ըստ Չալըշլարի, Թուրքիոյ պատմութեան մէջ աննախադէպ է, որովհետեւ նախապէս բազմաթիւ հայեր եւ քիւրտեր սպանուած են, սակայն հասարակութիւնը այսպիսի հակազդեցութիւն մը չէ ունեցած։

Հրանդ Տինք յաճախ Չալըշլարի հետ խօսած է իր կեանքը վտանգուած ըլլալուն մասին, սակայն հաւատացած է, որ զինք չեն կրնար սպանել եւ Չալըշլար եւս ատոր հաւատացած է.«Ատոր համար չկրցանք զինք պաշտպանել», կ՚ըսէ ան: Իրողութիւն մը, որուն պատճառով կը շարունակէ ինքզինք եւ իր ընկերները այպանել։

Խօսելով Թուրքիոյ մէջ արձանագրուած փոփոխութեանց եւ այն իրողութեան մասին, որ մարդիկ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ աւելի ազատ կ՚արտայայտուին, Չալըշլար կը բացատրէ, որ 1980-ի յեղափոխութենէն առաջ, Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունէր ուժեղ ձախակողմեան շարժում մը, որ յեղաշրջումէն ետք պարտութեան մատնուեցաւ, սակայն ձախակողմեանները սկսան գործուած սխալներուն մասին մտածել եւ քննարկում կատարել, որմէ ետք սկսան մտածել ալեւիներու եւ քիւրտերու հարցերուն մասին։ Ապա ծագած է քրտական զինեալ պայքարը, որ մեծապէս ազդած է ձախակողմեան շարժումներուն վրայ։ Ի վերջոյ յառաջացած է ինքնութեան հարց մը, ինչպէս՝ իսլամականներուն, ալեւիներուն եւ քիւրտերուն ինքնութեան հարցի արծարծումը։ Նոյնը կատարած են քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները եւ թրքական հասարակութիւնը սկսած է ականջ տալ անոնց դժգոհութեանց, իսկ հայկական հարցը այդ ինքնութեան արտայայտման հոլովոյթին մաս կը կազմէ։

Չալըշլար կը յայտնէ, որ ձախակողմեանները 1980-էն առաջ միայն մարքսիզմի հարցերուն վրայ կը կեդրոնանային, սակայն այդ թուականէն ետք, սկսած են կեդրոնանալ Թուրքիոյ պատմութեան վրայ։ Ան հետաքրքրական տեղեկութիւն մըն ալ փոխանցեց. 1974-ին մաոյականներու դատավարութեան ընթացքին Չալըշլար եւ իր գործընկերները պաշտպանողական մը ներկայացուցած են, որուն մէջ նշած են, որ իթթիհատականները հայերը ջարդած են։ Այդ պաշտպանողականը Չալըշլարի եւ այլոց կողքին ստորագրած է նաեւ Թուրքիոյ աշխատաւորներու կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչեք, որ օրին այդ մաոյական շարժումին ղեկավարն էր։

Չալըշլար յայտնեց, որ յառաջիկայ քանի մը տարուան ընթացքին դժուար, թէ թրքական հասարակութիւնը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնայ, սակայն եթէ աչքէ անցնենք վերջին տասը տարիները, պիտի տեսնենք, որ մարդիկ սկսած են աւելի ազատ խօսիլ այդ մասին եւ աւելի դրական կերպով այդ հարցը ընկալել։

Անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ ծածուկ հայերու հարցին՝ Չալըշլար կը կ՚ըսէ. «Տարիներ առաջ, երբ Տիգրանակերտ կ՚այցելէի միայն քիւրտերու կը հանդիպէր, սակայն վերջին այցելութիւններուս ընթացքին բազմաթիւ «նոր հայեր»ու կը հանդիպիմ եւ «նոր հայեր»ու այդ հասարակութիւնը հետզհետէ կը մեծնայ»։ 

Անցեալ տարի Տիգրանակերտի մէջ 60 անձեր սկսած են հայերէն սորվիլ եւ անոնք այժմ այլ քաղաքներ կ’այցելեն, կապեր կը հաստատեն եւ ամուսնութիւններ կը կնքեն։ Այժմ քննարկումներ տեղի կ՚ունենան, այն մասին, թէ «բացայայտ հայեր» իսլամ հայերու եւ ալեւի հայերու հարցին վերաբերեալ ի՞նչ կրնան ընել։ Ոմանք կ՚ընդունին զանոնք իբրեւ հայեր, սակայն ուրիշներ կ’ըսեն, թէ անոնք դասալիքներ են։

Չալըշլար ըսաւ, որ Հրանդ Տինք կը պնդէր, որ Թուրքիա պէտք է Եւրոպական Միութիւն մուտք գործէ, որովհետեւ եթէ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւն հաստատուի, Թուրքիոյ մէջ հինգ միլիոն հայեր պիտի ունենանք։ 

Չալըշլար յայտնեց, որ Թուրքիոյ բազմաթիւ վայրերու մէջ «նոր հայեր» կան եւ օրինակ մը տալով, որ 2014-ի Յունուարին, թուրք հռչակաւոր երգիչ Էօզտեմիր Էրտողան պատկերասփռուած յայտագիրի մը ընթացքին յայտարարած է, որ իր մայրը հայ է եւ այդ պատճառով է, որ լաւ երաժիշտ է։

Խօսելով արտասահմանի մէջ ապրող թուրքերու կողմէ հայերու կազմակերպած ցոյցերուն հակազդող ցոյցերու կազմակերպման երեւոյթին մասին, Չալըշլար ըսաւ, որ այդ թուրքերը աւելի կրօնամոլ եւ ազգայնական կը դառնան, որովհետեւ կ’ուզեն օտարութեան մէջ իրենց ինքնութիւնը պահպանել. այդ պատճառով ալ անհատներ, որոնք Թուրքիոյ մէջ չափաւորական անձնաւորութիւններ եղած են, արտագաղթելէ ետք յանկարծ ազգայնական մտածելակերպ կ՚ունենան։ Իսկ երկրորդ հարցը այն է, որ թուրքերը հայերը չեն ճանչնար, ինչպէս նաեւ պատմութեան ծանօթ չեն։ Երբ արտասահման կը մեկնին եւ կարգ մը հայեր անոնց մօտենալով կ՚ըսեն «մեզ սպանեցիք» կը զայրանան, որովհետեւ մարդասպան չեն ուզեր ըլլալ։ Այդ պատճառով է, որ անոնք այդպէս կը հակազդեն։ Հայերը պէտք է այս մասին մտածեն։ Պէտք է մտածեն, թէ ինչպէ՞ս կրնան զանոնք ճշմարտութեան ծանօթացնել, կռուելո՞վ, թէ՞ բարեկամաբար խօսելով։ Ան աւելցուց, որ Սփիւռքի հայերը եւս թուրքերը չեն ճանչնար։

Հարցազրոյցի աւարտին Չալըշլար Հրանդ Տինքի խօսքերը յիշելով կոչ ուղղեց հայութեան.«Իրարու հետ խօսելու ձեւ գտնենք, ճանչցէք թուրքը, որովհետեւ եթէ թուրքը չհասկնաք, չէք կրնար հարցը լուծել։ Թուրքերը բարդ մտայնութիւն ունին. մէկ կողմէ կ’ուզեն արդար ըլլալ, կ’ուզեն պատմութիւնը սորվիլ, սակայն միւս կողմէ՝ չեն ուզեր պատմութեան հետ առերեսուիլ, որովհետեւ ատիկա տխուր ու դաժան պատմութիւն մըն է»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.