ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ՝«ԱՐՑԱԽ ԵՐԿՐԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ»


Անգլերէն լեզուով լոյս տեսած է Սարգիս արք. Հասան Ջալալեանցի «Արցախ երկրի պատմութիւն» գիրքը, որ գրուած է 19-րդ դարու առաջին կիսուն եւ շարունակութիւնն է հեղինակի ազգականին՝ Եսայի Հասան Ջալալեանցի աշխատանքին, որուն մէջ վերջինս կը ներկայացնէ Ղարաբաղի պատմութիւնը հայ-պարսկական եւ ռուս-պարսկական պատերազմներու (1722-1827) ժամանակաշրջանին, որ տարածաշրջանի պատմութեան մէջ շատ կարեւոր հանգրուան մը կը նկատուի։ Սարգիս արք. Հասան Ջալալեանցի աշխատութեան բնագիր օրինակը կը կոչուի «Պատմութիւն Աղուանից աշխարհի»՚

«Արցախ երկրի պատմութիւն» գիրքի թարգմանիչն է Քարեն Քեթենճեան, խմբագիրն ու նախաբանի հեղինակն է Ռապըրթ Հ. Հիւսըն։

Նոր հրատարակուած գիրքին սկիզբը կը ներկայացուի 1722-ին Մեծն Պետրոսի Պարսկական կայսրութիւն ներխուժման ժամանակ, օտար լուծին դէմ հայկական ըմբոստութեան ղեկավար Աւան Եուզպաշիի (հարիւրապետ «Հ») քաջագործութիւնները։ Ապա կը ներկայացնէ օսմանցիներու պարսկահայաստան ներխուժումը եւ հայ մելիքներու դիմադրութիւնը։

Այլ գիրքերու մէջ չգտնուած այսպիսի բանաւոր պատմութեան մը ներկայացման կողքին Սարգիս արքեպիսկոպոսը աշխարհագրական բազմաթիւ տեղեկութիւններ եւ բերդերու եւ մելիքներու կեցութեան վայրերու մասին նկարագրութիւններ կը ներկայացնէ։ Արժէքաւոր են նաեւ Աւան Եուզպաշիի եւ Դիզակի մելիք Եգանի քաջագործութեանց նկարագրութիւնները։ Սակայն ամէնէն կարեւորը մելիքներու դաշինքին մասին տեղեկութիւններն են, ուր մելիքները կը ներկայացնեն այն պայմանները, որոնց հիմամբ կը յուսան ապրիլ ռուսական տիրապետութեան տակ, եւ որոնք Խամսայի մելիքութիւններուն համար սահմանադրութեան նման բան մըն էր։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.