ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԻ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ԿԷՍԸ ԿԸ ԳԱՂԹԷ ԳՈՐԾԱԶՐԿՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ


Նախիջեւան քաղաքի մուտքը

 

Նախիջեւանի մէջ Ազրպէյճանի Ժողովրդային ճակատ կուսակցութեան ատենապետ Եաշար Պակիրսոյ՝ մեկնաբանելով Նախիջեւանի բնակչութեան վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները,  յայտնեց, որ այսպէս կոչուած Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան բնաչութեան շուրջ պաշտօնական տուեալները երկու անգամով աճեցուած են, եւ այն յայտարարութիւնները, թէ Նախիջեւանի մէջ անգործութիւն չկայ շրջանի որեւէ բնակիչի համար զաւեշտական կը թուի։

Պաշտօնապէս, ըստ Յունուար 1 2014-ի տուեալներուն, Նախիջեւանի բնակչութեան թիւը 435,367 է։ Եաշար Պակիրսոյ «Թուրան»-ի յայտնած է, որ այդ տուեալները չեն համապատասխաներ իրականութեան։ Ներկայիս Նախիջեւանի բնակչութեան թիւը առաւելագոյնը 220 հազար է։ Մարդիկ անգործութեան պատճառով ստիպուած եղած են լքել իրենց տուները եւ Թուրքիոյ, Իրանի, Ռուսիոյ եւ Պաքուի մէջ աշխատանք փնտռել։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.