Եւրոպայի Հայ Դատը Ցեղասպանութեան Տարելիցին Նուիրուած Շարք Մը Միջոցառումներ Պիտի Իրականացնէ


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»- «Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցի նախապատրաստական աշխատանքներուն հետ կապուած ծրագիրներու մշակման գործընթացը ընթացքի մէջ է, եւ մօտիկ ապագային, այդ ծրագիրները պատրաստ պիտի ըլլան», ըսած է Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեան եւ կապի պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեան:
«Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը ստանձնած է Եւրոպայի տարածքին կատարուելիք աշխատանքները համակարգողի դերը: Ծրագիրները քաղաքական բովանդակութիւն ունեն` յստակ քաղաքական պատգամով եւ ուղերձով: Յստակ պատգամ ունենալ կը նշանակէ նաեւ պահանջատէր ըլլալ հայկական կալուածներու վերադարձի հարցով», շեշտած է ան:
Անդրադառնալով Չեխիոյ նախագահին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը բարձրաձայնելուն` Տէմիրճեան յայտնած է, թէ նախագահի ելոյթին պիտի յաջորդէ պաշտօնական ճանաչումը:
«Նախագահին կողմէ ճանաչումը անշուշտ չի նշանակեր, որ երկրի խորհրդարանը կամ օրէնսդիր մարմինը նոյնպէս անպայման պիտի ճանչնայ զայն: Բայց մեր գնահատումով` եթէ նախագահին կողմէ կատարուած է այդ յայտարարութիւնը, ապա գործընթացը պիտի շարունակուի նաեւ պաշտօնական օրէնսդրական առումով», ըսած է Տէմիրճեան, աւելցնելով, թէ պիտի շարունակուին աշխատանքները` եւրոպական զանազան խորհրդարաններու մէջ, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը քննելու ուղղութեամբ:
Վերջին տարիներուն, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը յատկանշական յաջողութիւններ արձանագրած է Ցեղասպանութեան ճանաչման նոր բանաձեւեր վաւերացնելու գործին մէջ: Յանձնախումբը սկսած է նաեւ նոր մասնաճիւղեր բանալու Հայկական Ցեղասպանութիւնը տակաւին չճանչցած երկիրներու մէջ: Նոյեմբերէն սկսեալ, Ռումանիոյ մէջ կը գործէ Հայ Դատի նորաբաց յանձնախումբը, որ աշխուժօրէն ներգրաւուած է Հայկական Հարցի բարձրացման եւ լուծման աշխատանքներուն մէջ: Մարտին կը նախատեսուի նոր յանձնախումբ մը եւս բանալ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներէն մէկուն մէջ:
Օրակարգի վրայ են նաեւ ջաւախքահայութեան խնդրիներու լուծման նպատակով Եւրոպական Միութենէն օժանդակութիւն ստանալու, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ճանչնալու եւ անոր օգնութիւն ապահովելու հարցերը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.