Ցեղասպանութիւնը Ուրացողը Թրքաբարոյ Քայլեր Կ՛առնէ Հայ Դատի Ներկայացուցիչին Դէմ


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Չորեքշաբթի, Փետրուար 5ին, Անգարայի աջակցութիւնը վայելող Թրքական ուսմանց հիմնարկի գանձապետ Էտուըրտ Էրիքսըն զայրոյթով հակադարձած է հիմնարկին եւ Թուրքիոյ իշխանութեանց միջեւ կապերուն մասին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչի հարցումին՝ նոյնիսկ պահանջելով, որ սրահէն դուրս դրուի ներկայացուցիչը՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Քէյթ Նահապետեանը:
Միջադէպը տեղի ունեցած է Ուաշինկթընի «Ճորճթաուն» համալսարանին մէջ, ուր Թրքական ուսմանց հիմնարկը Էրիքսընի մէկ հատորին նուիրուած դասախօսութիւն մը կազմակերպած էր:
Երբ Նահապետեան Էրիքսընին հարցուցած է, թէ արդեօք ինք Ցեղասպանութիւնը կը նկատէ՞ 1.5 միլիոն հայերու սպանդը, Էրիքսըն պատասխանած է. «Կրնա՞նք ասոր դուրս հանել», որուն Նահապետեան հակադարձած է՝ ըսելով. «Հոս Թուրքիա չէ», ուր այլախոհները սովորաբար կը մեկուսացուին:
Աւելի կանուխ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան խնդրած էր Էրիքսընէն, որ բացատրէ, թէ հիմնարկը ինչպիսի՞ կապեր ունի Թուրքիոյ եւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու անոր վարած քաղաքականութեան հետ:
Բանախօսը ընդունած է, թէ հիմնարկը Անգարայէն տրամադրուած գումարներով հաստատուած է, սակայն անոր կամակատարը չէ: Այս պնդումին դէմ արտայայտուած է Նահապետեանը՝ փաստացի տուեալներ տալով հիմնարկին եւ Թուրքիոյ իշխանութեանց քաղաքականութեան միջեւ յստակ կապերուն մասին, ապա յիշեցուցած է, թէ 2008ին հիմնարկին ատենապետը՝ Տանըլտ Քուաթերթը, հրաժարած էր՝ Թուրքիոյ ճնշումներուն հետեւանքով, որովհետեւ ան հաստատած էր Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Այս բանավէճէն ետք Էրիքսըն փորձած է կացութիւնը մեղմացնել՝ ըսելով. «Երբեմն կ՛արթննամ եւ կը մտածեմ, որ հաւանաբար տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն էր, բայց այլ օրեր կը մտածեմ՝ «հաւանաբար ո՛»»չ:
«Հոս տեղի ունեցածը պարզապէս նոր փորձ մըն էր՝ Անգարայի հովանաւորութիւնը վայելող կազմակերպութեան մը կողմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը՝ Միացեալ Նահանգներուն պարտադրելու», յայտնած է Համբարեան:
Վերոյիշեալ բանավէճը կարելի է դիտել՝ այցելելով www.youtube.com/watch?feature =player_embedded&v= 8n8WPCBXXZ8  կայքէջը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.