Աղբակի Ս. Բարթողիմէոս վանքը պիտի վերակառուցուի
Վանի Բաշքալէ շրջանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութիւնը յայտնած է, որ մտադիր է վերակառուցել Սուրբ Բարդուղիմէոս եկեղեցին, որուն մօտ աւելի քան 30 տարի տեղակայուած թրքական բանակի զօրամասը անցնող ամիսներուն փոխադրուած է այլ վայր։
«Արմէնփրէս» կը հաղորդէ, որ Բաշքալէի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան տնօրէն Մուզաֆէր Աքդուղը լրագրողներուն յայտնած է, որ վերակառուցման աշխատանքները պիտի հովանաւորէ Բաշքալէ նահանգը: Ան նաեւ յայտնած է, որ եկեղեցւոյ վերակառուցումէն ետք կը նախատեսուի եկեղեցւոյ մէջ հոգեւոր արարողութիւններ կատարել, որպէսզի այդ ձեւով խթանուի շրջանի զբօսաշրջութիւնը:
ԱՂԲԱԿԻ Ս. ԲԱՐԹՈՂԻՄէՈՍ ՎԱՆՔ
Կը գտնուի Մեծ Հայքի Վասպուրական նահանգի Աղբակ գաւառին մէջ, Մեծ Զաբ գետի աջ ափի բլուրի գագաթին: Ըստ աւանդութեան՝ վանքը հիմնադրած է Սանատրուկ թագաւորը, Բարթողիմէոս առաքեալի գերեզմանին վրայ, վանքին մօտ գտնուող Կաթնաղբիւրի ջուրով բորոտութենէ բուժուելէ ետք: Պատմագրական աղբիւրներու մէջ Վանքը կը յիշատակուի Ը. դարէն սկսեալ:1316-ին Աղբակի Ս. Բարթողիմէոս վանքի վանահայր Յակոբը մասնակցած է Ատանայի եկեղեցական ժողովին:
Ս. Բարթողիմէոս վանքը 1913-ին
Միջնադարուն, Աղբակի Ս. Բարթողիմէոս վանքը եղած է Աղբակ գաւառի առաջնորդանիստ վանք, հռչակաւոր սրբավայր եւ ուխտատեղի:
Ըստ աւանդութեան, վանքի հիւսիսային աւանդատան մէջ կը գտնուի Բարթողիմէոս առաքեալի գերեզմանը՝ հետեւեալ արձանագրութեամբ. «Այս է տապան հանգստեան Ս. Բարթողիմէոսի սրբազան առաքելոյ առաջին լուսաւորչին Հայաստանեաց աշխարհի»:
1487-ին եւ 1490-ին վանքին մէջ մատենագիր Մարգար Գրիչը ընդօրինակած է աւետարան: 1647-ին Աղբակի Ս. Բարթողիմէոս վանքը եւ Վարագավանքը ընդհանուր միաբանութիւն կազմած են: 1651-ին վանքը նորոգած է վանահայր Կիրակոս վարդապետը: 1715-ին երկրաշարժի պատճառով քանդուած է վանքի եկեղեցւոյ գմբէթը: 1755-60-ին Յովհաննես Մոկացին վերականգնած է գմբեթը:
19- դարու սկիզբին վանքի ունեցուածքը վատնուած է: Վանք-մենաստանը վանահայր Խաչատուր վարդապետի օրով երեսի վրայ լքուած է, որուն իբր հետեւանք, Դավիթ Ե. Էնեգեթցի կաթողիկոսը պաշտօնազրկած եւ եւ բանադրած է վերոնշեալ վարդապետը:
1817-ին Ս. Բարթողիմէոս վանքի վանահայր Իսրայէլ եպիսկոպոսը ընդդիմացած է Ներսէս Աշտարակեցիի եւ ռուս զօրավար Պասկեւիչի՝ արեւմտահայերու գաղթը կազմակերպելու ծրագրին, ծրագիրը նկատելով ազգակործան:
19-րդ դարուն վանքին մէջ բացուած է վարժարան: 1860-ին քանդուած է Աղբակի Ս. Բարթողիմէոս վանքի գմբէթը, որ 1878-ին վերակառուցած է վանահայր, ծայրագոյն վարդապետ Եղիազարը: 1897-ին երկրաշարժի պատճառով քանդուած է եկեղեցւոյ պատը:
19-րդ դարուն վանքը բաւական հարուստ եղած է: Ս. Բարթողիմէոսի թեմին մաս կազմած են Աղբակ, Գաւառ, Ջուլամերկ, Սալմաստ եւ Ուրմիա գաւառները՝ 100-ի հասնող հայաբնակ գիւղերով: Վանքը ունեցած է նաեւ ագարակներ, արօտավայրեր, անտառներ: Եղած է սիրուած ուխտատեղի, վանքին աւանդաբար նուիրաբերած են հազուագիւտ սպիտակ գոմէշներ, որոնց դիպչողին բաղձանքները կ՚իրականանային:
1915-ի Հայկական Ցեղասպանութեան ժամանակ եւ անկէ ետք, վանքը դադրած է գործելէ: 1966-ին երկրաշարժի պատճառով վերստին քանդուած է եկեղեցւոյ գմբէթը: