1905-ին Սուլթան Համիտի դէմ կատարուած մահափորձին մասին Թուրքիոյ մէջ նոր գիրք մը հրատարակուած է


 

Իսթանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան Մշակոյթի Կեդրոնը հրապարակած է գիրք մը, որուն նիւթն է Օսմանեան կայսրութեան բռնապետ Սուլթան Ապտիւլ Համիտի դէմ կատարուած 1905-ի մահափորձին թաքուն կէտերը։ Գիրքը պատրաստուած է Փրօֆ. Հալուք Սէլվիի կողմէ եւ կը կրէ «Մահափորձ՝ Սուլթանին» անունը։ Գիրքին հեղինակը այս մահափորձը կը ներկայացնէ շարք մը փաստաթուղթերով, որոնք ցարդ ոչ մէկ տեղ հրատարակուած են։ Անշուշտ այս բոլորին մէջ կայ նաեւ Հայերուն անունը։ Ըստ գիրքի հեղինակին, 1890ական թուականներուն «ահաբեկիչներուն» բուն նպատակն էր Օսմանցի Սուլթանը սպաննել եւ խառնակութիւններ ստեղծել Իսթանպուլի մէջ եւ օտար երկիրներէն ապահովել անկախ Հայաստան մը հիմնելու զօրակցութիւն։

 Գրեթէ բոլոր ժամանակակից պետութիւններուն եւ նոյնիսկ ներքին ընդդիմադիրներուն հասարակաց նպատակն էր մէջտեղէն վերցնել Սուլթանը։ Գիրքին մէջ հրատարակուած են ականատեսներու վկայութիւններ եւ խոստովանութիւններ, որոնք ցոյց կուտան թէ ինչպէս կազմակերպուած էին Օսմանեան շրջանի ահաբեկիչները եւ թէ ինչպէս կ՚աշխատէին անոնք։

Սուլթանին մահափորձը խորապէս կապուած Հ.Յ.Դաշնակցոււթեան պատմութեան հետ: Արդարեւ, Հ.Յ.Դաշնակցոււթեան հիմնադիրներէն Քրիստափոր Միքայէլեան, Հ.Յ.Դ. Երրորդ Ընդհանուր Ժողովին ներկայացուց Կարմիր սուլթանը ահաբեկելու ծրագիրը: Միքայէլեան ստացաւ Դաշնակցութեան Կամքը ներկայացնող ժողովին համաձայնութիւնը եւ անձամբ լծուեցաւ ծրագրի գործադրութեան։ Բայց ճակատագիրը ուրիշ եւ դառնագոյն վախճան վերապահած էր հայ յեղափոխականին։ Վիտոշ լերան լանջին, Պուլկարիոյ մէջ, Վռամշապուհ Քենտիրեանի հետ ռումբի փորձարկման պահուն, 46-ամեայ Քրիստափոր Միքայէլեան իր ընկերոջ հետ զոհ գնաց ռումբի ապաժամ պայթումին… 

հետագային, 21 յուլիս 1905-ին գործադրութեան դրուեցաւ սուլթանը սպաննելու ծրագիրը: Երբ Սուլթանը աղօթքի գացած էր ու կը վերադառնար, Եըլտըզի պալատին շուրջ պատահեցաւ պայթում մը, որուն ձայնը Պոլսոյ  բազմաթիւ վայրերէն լսուեցաւ: Ռումբը բզիկ-բզիկ ըրած էր մարդկային մարմիններ ու անասուններ: Աւելի վերջ յայտնի պիտի դառնար, որ 26 հոգի մեռած էր, 58 հոգի` վիրաւորուած, 20 ձի` սատկած եւ 17 կառք խորտակուած: Մզկիթը վնասուած էր: Բայց Ապտիւլ Համիտ ողջ մնացած էր… ան մէկ վայրկեանի յապաղումով փրկուած էր մահափորձէն…


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.