Թուրքիան Ցեղասպանութեան Ուրացման Ընդարձակ Ծրագիր Պատրաստած Է


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ պետական կառոյցները, համալսարանական շրջանակներու եւ Ատրպէյճանի հետ համագործակցելով՝ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցին ընդառաջ Ցեղասպանութիւնը ուրանալու եւ զայն շրջուած ներկայացնելու նպատակով ընդարձակ ծրագիր մը պատրաստած են:
Ըստ «Անատոլու» լրատուական գործակալութեան՝ այդ ծրագիրով Թուրքիա կը փորձէ 1915ի իրադարձութիւնները համաշխարհային հանրութեան ներկայացնել՝ իր տեսանկիւնէն:
Ծրագիրը գործադրութեան պիտի դրուի Փետրուար 26ին, «Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան» (Թուրքիոյ գործող վարչապետին անունով) համալսարանին մէջ: Այնուհետեւ, նման ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան «Ապտուլլահ Կիւլ» (Թուրքիոյ գործող նախագահին անունով), Ատանայի, Մերսինի, Տրապիզոնի, Կերասունի, Քոնիայի, Էրզրումի (Կարին), Երզնկայի եւ Եոզկաթի համալսարաններուն մէջ:
Թուրքերն ու ատրպէյճանցիները ծրագիրը կը պատրաստուին ներկայացնելու նաեւ Կիպրոսի՝ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հատուածին, Գերմանիոյ եւ Հոլանտայի մէջ:
Այդ քննարկումներուն հիման վրայ, թրքական կողմը մտադիր է գիրք հրատարակել ու զայն ներկայացնել գիտական շրջանակներու եւ միջազգային հանրութեան:
Գործակալութեան թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին, նախագիծի համակարգող «Էքօ Աւրասիա» կազմակերպութեան նախագահ, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան պատգամաւոր Իսմայիլ Սաֆին ըսած է, թէ «թրքական տեսակէտները զօրացնող այս նախագիծին նպատակը՝ միջազգային հանրութիւնը լուսաւորելն է»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.