Թուրքիոյ բնակչութեան թիւը աճած է 1 միլոինով


Թուրքիոյ  ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը Հրապարակած է 2013 թուականի դրութեամբ Թուրքիոյ բնակչութեան թիւը։ Թուրքիոյ վիճակագրական ծառայութեան պաշտօնական տուեալներով՝ Թուրքիոյ բնակչութեան թիւը կը կազմէ 76 միլիոն 667 հազար մարդ։ 2012 թուականի համեմատ Թուրքիոյ բնակիչներու թիվը աճած է 1 միլիոն 40 հազար անձով։

Թուրքիոյ բնակչութեան 50.2 տոկոսը արական սեռի անդամ է, 49.8 տոկոսը՝ իգական սեռի։ Թուրքիոյ ամենաշատ բնակչութիւն ունեցող նահանգը Սթանպուլն է՝ 14 միլիոն 161 հազար քաղաքացիով։ Թուրքիոյ բնակչութեան միջին տարիքը 30,4 է։ Միջին տարիքի ցուցանիշով ամէնէն երիտասարդներէն է (միջին տարիքը՝ 19) Աղրը (Արարատ) նահանգը, որը Հայաստանին սահմանակից է և բնակչութեան մեծամասնութիւնը քիւրտ է։

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.