Պաքու Կը Բողոքէ Արցախի Անկախութիւնը Ճանչնալու Լոս Անճելըսի Որոշումին Դէմ


ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Չորեքշաբթի, Յունուար 29ին քննադատած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչնալու Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի որոշումը:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլլաեւ «անհեթեթ» որակած է Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի, ինչպէս նաեւ նման որոշում մը վաւերացուցած Հայլենտ քաղաքի քայլերը՝ պնդելով, թէ անոնք անարժէք են, որովհետեւ այս կապակցութեամբ՝ «Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային կառավարութեան կեցուածքը յստակ է. Միացեալ Նահանգները չի ճանչնար «Լեռնային Ղարաբաղ» կոչուող հանրապետութեան անկախութիւնը ու նեցուկ կը կանգնի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան», ըսած է ան:
Բանբերը աւելցուցած է, թէ Լոս Անճելըսի մօտ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանը այս առթիւ բողոքագիր մը պիտի յանձնէ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.