Հոլանտ Անհրաժեշտ Կը Գտնէ Ցեղասպանութեան Ուրացումը Քրէականացնող Օրէնքի Կիրառումը


ԱՆԳԱՐԱ, ԵՐԵՒԱՆ, «Ա.Էֆ.Փէ.», «Նիուզ».- Պաշտօնական այցելութեամբ Թուրքիա գտն-ուող Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ Երեքշաբթի, Յունուար 28ին իր հանդիպումները շարունակեց Պոլսոյ մէջ՝ խորհրդակցութիւններ ունենալով գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներուն հետ: Ան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ «Ակօս» թերթի սպաննուած խմբագիր Հրանդ Տինքի այրիին՝ Ռաքելի հետ: Այդ հանդիպումին մասին ցարդ տեղեկութիւններ չեն հրապարակուած:
Մէկ օր առաջ, Հոլանտ խորհրդակցութիւններ ունեցած էր Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ու նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի հետ: Կիւլի հետ հանդիպումէն ետք տրուած երկու նախագահներու միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Ֆրանսայի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծին մասին կապուած հարցումի մը պատասխանելով՝ Ֆրանսայի նախագահը, առանց Հայկական Ցեղասպանութիւն բառերը օգտագործելու, ըսաւ. «Պատմութիւնը քօղազերծելու աշխատանքները կրնան ցաւոտ ըլլալ, բայց անոնք այնպիսի աշխատանքներ ենք, որոնք պէ՛տք է կատարուին, որպէսզի ապահովուի հաշտութիւնը: Անցեալի իրադարձութիւնները պէտք է ուսումնասիրուին եւ ընդունուին յատկապէս այս անկիւնադարձային տարիներուն: Այս տարի Համաշխարհային Ա. պատերազմի սկսելուն 100րդ ամեակն է, իսկ յետոյ՝ 2015ը: Այս ժամանակահատուածը պէտք է աշխատանքի համար օգտագործենք: Կը Հարցնեն, թէ ի՞նչ պիտի ընենք: Ճի՛շդը պիտի ընենք, արդա՛րը պիտի ընենք, արդարութիւն պիտի փնտռենք եւ այնպէս պիտի ընենք, որ բոլորը հասկնան այս հարցը: Այս կապակցութեամբ Ֆրանսայի մէջ օրէնք արդէն իսկ վաւերացուած է: 2008ին ընդհանուր որոշում մը տրուած էր (Եւրոմիութեան կողմէ): Կայ որոշում մը, ըստ որուն՝ ցեղասպանութեանց ուրացումը պատիժի ենթակայ է։ Անհրաժեշտ է զայն կիրառել: Ֆրանսա պէտք է խօսի օրէնքի լեզուով եւ չքաղաքականացնէ ցեղասպանութիւններու ուրացումը քրէականացնող օրէնքին վերաբերող խնդիրները»:
Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն առաջ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Հոլանտի կատարած այս անուղղակի կոչին՝ Կիւլ պատասխանած է նոյն յանկերգով: Ան յայտարարած է, որ 100 տարի առաջ պատահած «ցաւալի դէպքեր»էն տուժած են ոչ միայն հայերը, այլեւ պալքաններու իսլամները՝ պնդելով, թէ Անգարա պատրաստ է բանալու այս կապակցութեամբ բոլոր արխիւները:
«Այդ հարցը ժամանակ առ ժամանակ շուքի տակ կը ձգէ մեր յարաբերութիւնները: Այդ հարցը միակողմանիօրէն կարելի չէ լուծել: Երկրորդ կէտն այն է, որ այս հարցով տարբեր տեսակէտներ կան: Մեր նախկին օրէնքները նման հարցերու քննարկումները կ՛արգիլէին, բայց մենք այդ օրէնքները փոխած ենք: Ֆրանսացի շատ բարեկամներ կը կարծեն, թէ

Թուրքիոյ մէջ տակաւին շատ բաներ չենք կրնար քննարկել: Մենք կ՛ուզենք, որ Ֆրանսայի մէջ այդ խնդիրին հետ կապուած ամէն ինչ հանգիստ կերպով քննարկուի: Ֆրանսան խօսքի ազատութեան սկզբնաղբիւրներէն է: Բացի ատկէ, կայ Փերինչեքի գործով Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանի որոշումը: Այդ ցաւերը սերունդէ սերունդ փոխանցելու փոխարէն, անհրաժեշտ է բարեկամութիւն սերմանել», ըսած է Կիւլ՝ կրկնելով, թէ «պատմութեան քննարկումը պէտք է ձգել պատմաբաններուն»:
Յիշեցնենք, թէ Ֆրանսա 2000ին պաշտօնապէս ճանչցած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը, իսկ 2011ին Ֆրանսայի խորհրդարանին ու Ծերակոյտին կողմէ վաւերացուած Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը հակասահմանադրական նկատուեցաւ Ֆրանսայի Սահմանադրական ատեանին կողմէ: Ներկայիս աշխատանք կը տարուի այդ օրինագիծին տարբերակը վաւերացնելու համար:
«Ըստ երեւոյթին՝ մամլոյ ասուլիսին առաջնահերթ նիւթն էր Թուրքիոյ անդամակցութիւնը Եւրոմիութեան։ Բայց թէ՛ Թուրքիոյ հանրային կարծիքին, թէ՛ հայ հանրային կարծիքին համար, իրականութեան մէջ ամէնէն կարեւոր հարցը Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին շուրջ Հոլանտի դիրքորոշումն էր։ Թրքական կողմը առաւելաբար կը ծանրանար նախագահ Կիւլի ըսածներուն վրայ, մինչ հայկական կողմը խոշորացոյցով կը նայէր Հոլանտի խօսքերուն։ Ի վերջոյ, արդիւնքը չփոխուեցաւ։ Նախագահ Կիւլ սեղանի վրայ դրաւ թրքական կողմի մտածումներն ու ակնկալութիւնները Հայկական Հարցին կապակցութեամբ, իսկ Հոլանտ դիւանագիտական դարձուածքներով ըսաւ, որ անցեալը պէտք է քննարկուի ու արդարութիւնը գործադրուի։ 22 տարուան ընթացքին առաջին անգամ էր, որ Ֆրանսայի նախագահ մը Թուրքիա կ՛այցելէր, ուստի Կիւլ ուրախութեամբ ողջունեց այս գալուստը եւ ըսաւ, որ այս այցելութիւնը պիտի նպաստէ, որպէսզի գագաթնային կէտի բարձրանան Թուրքիա-Ֆրանսա յարաբերութիւնները», կը գրէ «Մարմարա»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.