ՔԱՂԱՔԱԳԷՏ ԼԵՒՈՆ ՄԵԼԻՔ-ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆԻ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐՈՎ՝ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԿՈՂՄԸ ՈՒՆԵՑԱԾ Է 7 ԶՈՀ, 20-30 ՎԻՐԱՒՈՐ


 

«Ոսկանապատ» վերլուծական կեդրոնի տնօրէն, քաղաքագէտ Լեւոն Մելիք-Շահնազարեան իր ունեցած տուեալները ներկայացնելով յայտնած է, որ թէեւ Ազրպէյճան կը պնդէ, որ Յունուար 19-ի լոյս 20-ի գիշերը ազրպէյճանական կողմը կորուստներ չէ ունեցած, սակայն ունեցած է 7 զոհ։

«Մարտակերտի շրջանի Ջրաբերդի ուղղութեամբ սպաննուած են 4 ազրպէյճանցի զինուորներ, իսկ Հադրութի ուղղութեամբ 3 ազրպէյճանցի զինուորներ սպաննուած են՝ ընդհանուր 7 ազրպէյճանցի զինուոր։ Վիրաւորներու թիւը 20-30-ի սահմաններուն մէջ կը տարուբերի, դժուար է ըսել։ Մեր կողմէ միայն մէկ զոհ եղած է, բոլորս կը ցաւինք կրտսեր ենթասպայ Արմէն Յովհաննիսեանի համար, իսկ վիրաւոր չունինք», ըսաւ ան։

Քաղաքագէտը մատնանշեց նաեւ այն հանգամանքը, որ ազրպէյճանցիները մասնայատուկ ուժերու զինուորներ էին, որոնց թիւը, ըստ անոր, երկու ուղղութեամբ կազմած է շուրջ 45 հոգի, իսկ հայկական կողմի երկու դիրքերէն մէկու զինուորները, պաշտօնական տուեալներով, 9 հոգի եղած են, այդ ալ՝ պարտադիր զինուորական ծառայութիւն կատարողներ։ «Ասիկա իսկապէս ցոյց կու տայ հայկական կողմի ռազմական պատրաստուածութեան մասին», ըսաւ ան։ 

Աւելին՝ Լեւոն Մելիք-Շահնազարեանը տեղեկացուց, որ Մարտակերտի շրջանին մէջ մինչեւ այսօր ազրպէյճանցիի երկու դիակ կը շարունակէ մնալ չեզոք գօտիին մէջ։ «Ատիկա տեսանելի է մեր զինուորներու կողմէ, իրենք չեն համարձակիր, իրենց դիակները տանիլ»։

Քաղաքագէտը խնդրեց ուշադրութիւն դարձնել այն հանգամանքի վրայ, որ ազրպէյճանական կողմը իր լրատուամիջոցներէն կը պահանջէ չհրապարակել տուեալներ՝ զայն որակելով պետական դաւաճանութիւն, փոխարէնը իր կորուստներու մէկ մասը կը ներկայացնէ տարաբնոյթ հրապարակումներով. Յունուար 20-էն ետք, ազրպէյճանցի զինուորներ վիրաւորուած են՝ իրարու վրայ կրակելու հետեւանքով կամ ինքնաշարժի արկածով։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.