Պաշշար Ասատ Կ՛անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան


 

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ԱՖՓ-ի հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին կը յայտնէ.”Սուրիոյ հակամարտութեան ընթացքին ահաբեկիչներուն դրսեւորած դաժանութիւնն ու անմարդկայնութիւնը մեզի կը յիշեցնէ այն ինչ 500 տարի առաջ տեղի ունեցած է միջնադարեան Եւրոպայի մէջ։ Իսկ եթէ ատիկա համեմատենք աւելի մօտիկ ժամանակներու հետ‚ ապա կը նմանի օսմանցիներու կողմէ հայերու դէմ կատարուած կոտորածին‚ երբ Թուրքիոյ տարածքին եւ Սուրիոյ մէջ սպաննուեցան մէկ ու կէս միլիոն հայեր եւ կէս միլիոն ուղղափառ ասորիներ”։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.