Apollo 11-ի թռիչքէն առաջ, Լիբանանի մէջ դէպի անջրպետ հրթիռարձակման գիտական խումբի ղեկավարը Մանուկ Մանուկեանն էր


 

Մանուկ Մանուկեան

 

«Ալ-Մոնիթըր» կը գրէ, որ թէեւ լիբանանցիներու մեծամասնութեան կողմէ մոռցուած իրողութիւն մըն է, սակայն անոնց երկիրը 1961-ի եւ 1966-ի միջեւ գիտական ճարտարագիտական հետաքրքրական ծրագիր մը ունէր։ «Հրթիռի ծրագիրը» ընթացք առաւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ՝ նախաձեռնութեամբ թուաբանութեան դասախօս Մանուկ Մանուկեանի։ Ան, գիտական փորձարկումներու ծիրին մէջ, վեց աշակերտներէ կազումած խմբակի մը հետ պատրաստեց եւ արձակեց հրթիռ մը։ Դասախօսը, որ հետագային Ֆլորիտայի մէջ ականաւոր ակադեմական մը եղաւ, այդ ծրագիրին լուսանկարներն ու տուեալները պահեց։ Այդ փաստաթուղթերը հիմնական աղբիւրը եղան Խալիլ Ժորէյժ եւ Ժոանա Հաճիթոմաս ամոլին պատրաստած «Լիբանանեան հրթիռի ընկերութիւնը» վաւերագրական ժամապաւէնին, որ վերջերս ներկայացուցեաւ լիբանանեան շարժապատկերի սրահներուն մէջ։

Փաստաթուղթը ցոյց կու տայ, թէ Մանուկեանի աշակերտները ինչպէս հրթիռին համար կը պատրաստեն վառելանիւթ՝ օգտագործելով տեղական նիւթեր, որովհետեւ մեծ տէրութիւնները մերժած էին Լիբանանի հրթիռի արձակման համար օգտագործուող վարելանիւթ տրամադրել։

«Սիտըր»(Մայրի «Հ») հրթիռի առաջին յաջող փորձարկումին ընթացքին հրթիռը գետինէն մէկ քիլոմեթր բարձրացած է։ 1962-ին լիբանանեան բանակը գործընկեր դարձաւ ծրագիրին, որ սկսաւ ֆինանսաւորուիլ լիբանանեան կառավարութեան կողմէ։ Բանակը օգնեց, որ ծրագիրը յառաջ ընթանայ, եւ այդպիսով ծնունդ առած է «Լիբանանեան հրթիռի ընկերութիւնը»։

Ծրագիրը Իսրայէլի մէջ մտահոգութիւն յառաջացուց, որովհետեւ կը թուէր, թէ Լիբանան հրթիռներու արտադրութեան մարզին մէջ ռահվիրայի կը վերածուի։ Ծրագիրը «Սիտըր 1»-էն յառաջացաւ մինչեւ «Սիտըր 8»՝ ունենալով աւելի ճշգրտութիւն եւ 600 քիլոմեթր հասողութիւն։

Այս արկածախնդրութեան ընթացքին սխալ մը տեղի ունեցաւ։ Նոյեմբեր 21 1966-ին, երեք մասերէ բաղկացած հրթիռ մը 200 քիլոմեթր բարձրանալէ ետք ինկաւ Կիպրոսի ծովափին մօտ գտնուող բրիտանական մարտանաւի մը մօտ, ինչ որ Բրիտանիան մղեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին պաշտօնական բողոք մը ներկայացնելու։ Արտաքին ճնշումներու իբրեւ արդիւնք Լիբանանի նախագահ Ֆուատ Շահապ 1967-ին կասեցուց ծրագիրը, այդպիսով վերջ տալով լիբանանեան գիտական երազին։ 1964-ին հրապարակուած դրոշմաթուղթ մը Լիբանանի կողմէ կատարուած հրթիռներու փորձարկումին նուիրուած է։ 

 

The Lebanese Rocket Society Վաւերագրական ժապաւէնի մասին դիտել Youtube-ի այս հասցէով

http://www.youtube.com/watch?v=TiQK4QZ5xis

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.