Հերոս տասնապետը, Ատրպէյճանական յարձակումը ետ կը մղուի. հայ զինուոր մը կը զոհուի


 

 

Յունուար 19-ի լոյս 20-ի գիշերը, ժամը 23:50-էն մինչեւ 00:15, Ղարաբաղ-Ատրպէյճան զօրքերու ճակատային գիծի հիւսիս-արեւելեան (Ջրաբերդ) եւ հարաւ-արեւելեան (Կորգան) ուղղութիւններով՝ տեղի ունեցած են ատրպէյճանական բանակին կողմէ ներթափանցման փորձեր. մարտական դիրքի վրայ իր առջեւ դրուած մարտական պարտականութիւնը կատարելու ժամանակ զոհուած է կրտսեր տասնապետ 1994-ի ծնունդ Արմէն Լեւոնի Յովհաննիսեանը:

Ըստ հայկական աղբիւրներու, ատրպէյճանցիները յարձակած են մեծ խումբով, սակայն Արմէնը նկատած է յարձակողներուն, զգուշացուցած հայ սահմանապահներուն եւ սկսած է դիմադրել: Նոյնիսկ ծանր վիրաւոր վիճակով ան շարունակած է դիմադրութիւնը: Արմէնի սխրանքը հայկական ուժերուն հնարաւորութիւն տուած է արագ կազմակերպուելու եւ թշնամիին հակահարուած տալու, թշնամիէն խլելով զոհեր:

Յետ մահուան, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Յունուար 20-ի հրամանագրով մը, կրտսեր տասնապետ Արմէն Յովհաննիսեանին պարգևատրեց  «Արիութեան համար» շքանշանով:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.