2014-Ի ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1-ԷՆ Ի ՎԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ 9 ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ԶԻՆԵԱԼ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ Է – ՍՊԱՆՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ Է 14-ԱՄԵԱՅ ԶԻՆԵԱԼ ՄԸ


ազրպէյճանցի 14-ամեայ զինեալ Նաճաֆ Քերիմով

 

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ 11 յունուարին հաղորդեցին, որ Սուրիոյ մէջ սպաննուած է ազրպէյճանցի զինեալ մը։ Յայտնի է միայն վերջինիս անունը՝ Սամիր Գախլը։ Զինեալը իրականութեան մէջ մահացած է նոյեմբերին կամ ալ այդ ժամանակ արդէն յայտնի դարձած է, որ մահացած է։ Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները փաստօրէն աւելի քան մէկ ամիս ուշացումով կը հաղորդեն լուրը։՚

ազրպէյճանական լրատուամիջոներ Յունուարի սկիզբը յայտարարեցին, որ Սուրիոյ ընդդիմադիր սինեալներու շարքին կռուող ազրպէյճանցի զինեալ Ռաուֆ Հալիլով, որ 2013-էն ի վեր Սուրիա կը գտնուէր, սպաննուած է։ Համացանցի վրայ տարածուած է իր ընտանիքին ուղղուած զինեալին կոչի տեսագրութիւնը։

Յունուար 13-ին ազրպէյճանական կայքերու փոխանցմամբ Սուրիոյ մէջ սպաննուած է Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն խմբաւորման անդամ զինեալ, ազրպէյճանցի Ազատը, որ ծանօթ է Ապտուրահման անունով։

 

Ապու-Զար Ազերի ծածկանունով ազրպէյճանցի զինեաը

 

Յունուար 16-ին յայտնի դարձած է, որ Սուրիոյ Համա նահանգին մէջ կառավարական ուժերու դէմ ընթացող մարտերու ժամանակ սպաննուած է Ապու-Զար Ազերի ծածկանունով ազրպէյճանցի զինեալ մը։

ազրպէյճանական APA լրատուական գործակալութիւնը, յղում կատարելով Սուրիայի մուճահիտական կայքերէն, հրապարակեց լուր մը, որ կռիւներու ընթացքին սպաննուած է ազրպէյճանցի 14-ամեայ զինջեալ Նաճաֆ Քերիմովը։ Սուրիական կառավարական զօրքերուն դէմ կը կռուի նաեւ Քերիմովի հայրը։ Ըստ APA-ի Քերիմովի ընտանիքը ծագումով Նախիջեւանի Շարուրի շրջանէն է։ Քերիմովի հայրը, իր տիկնոջ եւ 4 զաւակներուն հետ 2013-ի Սուրիա հաստատուած է, միանալու համար արմատական իսլամական ընդդիմութեան: 

Հետեւելով ազրպէյճանական մամուլին՝ 2014-ի յունուար 1-էն մինչեւ օրս Ազրպէյճան Սուրիոյ մէջ կորսնցուցած է առնուազն 9 զինեալ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.