Լիբանանահայ Գործարարները Քաշաթաղ Շրջանի Աղաւնի Գիւղին Մէջ Աւան Պիտի Կառուցեն


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Կանգնիլ արցախցիին կողքին, աջակցիլ վերաբնակեցման ծրագիրներուն եւ նպաստել Արցախի զարգացման ու վերածնունդին: Այս նպատակով եւ բացառապէս հայրենասիրական սկզբունքներէ մեկնելով՝ երեք տարի առաջ «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) կազմակերպութիւնը որոշեց ներդրումներ կատարել Արցախի մէջ, կը գրէ «Արմէնփրէս»ի թղթակից Յասմիկ Յարութիւնեան։
Երեք տարի առաջ մեկնարկած առաջին ծրագիրին մէջ շուրջ 100 գործարարներ Քաշաթաղի շրջանի 800 վերաբնակիչի գիւղատնտեսական եւ անասնապահական ծրագիրներու իրականացման համար վարկեր տրամադրեցին. իբրեւ արդիւնք՝ վերամշակուած 6000 հեկտար հողատարածքով եւ շուրջ 2000 գլխաքանակ եղջերաւոր անասուններով Քաշաթաղը այսօր կը հանդիսանայ երկրի գիւղատնտեսական կեդրոններէն մէկը:
«Արցախցիներու, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին  հետ կայացած հանդիպումներուն ընթացքին գիտցանք, որ ապրուստի միջոց տրամադրելուն զուգահեռ անհրաժեշտ է հոգալ նաեւ վերաբնակիչներու բնակարանային խնդիրները, ստեղծել յարմարաւէտ եւ նպաստաւոր պայմաններ ապրելու եւ աշխատելու համար: Այդ նպատակով ալ 57 սփիւռքահայ գործարարներու ուշադրութիւնը գրաւեց Արցախի դարպաս հանդիսացող Քաշաթաղ շրջանի Աղաւնի գիւղը եւ որոշում տրուեցաւ հոն փոքրիկ աւան կառուցել: Բարեսիրութեամբ հողատարածք չի վերաբնակեցուիր եւ տնտեսութիւն չի զարգանար: Արցախի կառավարութեան հետ համագործակցութեան շնորհիւ կրցանք լիբանանցի գործարարները համոզել, որ օտար ափերուն վրայ ներդրումներ կատարելու փոխարէն, ատիկա ընեն հայրենիքի մէջ», «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է «ԱՌԻ»ի գործադիր փոխտնօրէն, լիբանանահայ  Բենիամին Պչաքճեանը՝ նշելով, որ բնակարաններու կառուցման համար արդէն հաւաքուած է 2 միլիոն տոլար: Լիբանանահայ գործարարներու այս նախաձեռնութիւնը ոգեւորած է նաեւ սփիւռքի այլ գաղութներու մէջ բնակող գործարարները, եւ Աղաւնիի շինարարական աշխատանքներուն մասնակցելու փափաք յայտնած են նաեւ արաբական այլ երկիրներու եւ Ֆրանսայի հայ գործարարները: Ծրագիրը այժմ նախապատրաստական հանգրուանի մէջ է. Մարտ ամիսէն կը նախատեսուի գիւղի առաջին 50 բնակարաններու շինարարութիւնը: Շինարարական առաջին հանգրուանը պիտի աւարտի աշնան ու անիկա ազդակ պիտի հանդիսանայ յաջորդ երկու հանգրուաններուն եւս 100 բնակարաններու կառուցման։
«Հայրենիքը միայն հեռուէն սիրելը շատ դիւրին է, սակայն իսկական սէրն ու հայրենասիրութիւնը այլ է. թէկուզ փոքրիկ ներդրումով նպաստել հայրենիքի զարգացման: Ա՛յս է մեր գաղափարախօսութիւնը: Նպաստելով վերաբնակեցման ծրագիրին, մենք նոր շունչ կու տանք Արցախին, կ՛երկարենք անոր կեանքը: Ասիկա միայն վերաբնակեցման ծրագիր չէ, ասիկա շատ աւելի հեռատես գաղափար է: Հայը կը հաստատուի ազատագրուած Արցախի մէջ, իսկ Արցախը ուժեղ է, այնքան ատեն որ հոն կը բնակի հայութիւնը: Վերջին երկու տարուան ընթացքին բազմաթիւ սուրիահայեր հաստատուած են Արցախ, եւ անոնցմէ շատերը արդէն փափաք յայտնած են նորակառոյց աւանին մէջ տուն գնելու», դիտել տուած է Բ. Պչաքճեան՝ աւելցնելով, որ Քաշաթաղի շրջանը վերաբնակեցման համար շատ նպաստաւոր է: «Հողը բարեբեր է, եղանակը՝ նպաստաւոր, ջուրը՝ մնայուն. հետեւաբար, նոր աւանի կառուցումը միայն պիտի նպաստէ շրջանի զարգացման»:
Աւանի կառուցումէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութիւնը ցած տոկոսով բնակարանային երկարաժամկէտ վարկերու կամ ընկերային այլ ծրագիրներու միջոցով պիտի իրականացնէ վերաբնակեցման ծրագիրը: Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանի համաձայն, այսպիսով Արցախի մէջ պիտի ձեւաւորուի նաեւ բնակարանային երկարաժամկէտ վարկերու շուկայ: «Կառավարութեան ծրագիրն այնպիսին է, որ վերաբնակիչների համար թէ՛ տոկոսադրոյքը, թէ՛ մարման գրաֆիկը շատ մատչելի եւ ձեռնտու լինի: Պէտք է ամէն ինչ անել, որպէսզի մարդիկ ցանկանան ապրել Արցախում: 10-15 տարի առաջ, երբ իրականացւում էր վերաբնակեցման ծրագիր, տրամադրուող տներն ընդամէնը տանիք էին ցրտից պատսպարուելու համար, իսկ այսօր ստեղծւում են բոլոր պայմանները, որպէսզի հաստատուելով Արցախում վերաբնակիչն ունենայ թէ՛ կայուն եկամուտ, թէ՛ բնակարան: Վստահ եմ, որ ծրագրից օգտուողները շատ կը լինեն եւ այս ծրագիրը ազդակ կը հանդիսանայ, որպէսզի այլ գաղթօջախների մեր բարերարները նոյնպէս ներդրումներ կատարեն հայրենի հողում», յայտնած է Արթուր Աղաբեկեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.