Արամ Ա. 2014ը Կը Հռչակէ «Տարեցներու Տարի»
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2014 տարին հռչակած է «Տարեցներու Տարի»: Այս առիթով, վեհափառ հայրապետին պատգամը պիտի կարդացուի յառաջիկայ Կիրակի, Յունուար 12ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ: Վեհափառ հայրապետին պատգամը պիտի կարդացուի նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերէն ներս:
Վեհափառ հայրապետը իր պատգամի վերջաւորութեան հետեւեալ թելադրութիւնը կը կատարէ.
«ա. Իւրաքանչիւր ընտանիքի առաջնահերթ ու նուիրական պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ իր տարեց անդամներուն նկատմամբ անհրաժեշտ հոգածութիւնը ցուցաբերել՝ բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ:
բ. Մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ յատկապէս մեր նոր սերունդին մօտ տարեցներուն նկատմամբ մեր ունեցած յարգանքը, սէրն ու նախանձախնդրութիւնը անհրաժեշտ է աւելի խորացնել: Այս ուղղութեամբ մեր ընտանիքները, դպրոցներն ու ակումբները վճռական դեր ունին կատարելիք:
գ. Անհրաժեշտ է նիւթապէս սատարել գործող ծերանոցներուն ու ընկերաբժշկական կեդրոններու գործունէութեան, որպէսզի անոնք կարենան առաւել եւս բարելաւել ու ծաւալել իրենց մարդասիրական ծառայութիւնը:
դ. Տարեցներու գծով մեր հոգածութիւնը աւելի կազմակերպ դարձնելու ու առաւել ծաւալելու անհրաժեշտութենէն մղուած՝ անհրաժեշտ է նոր ծրագիրներ մշակել արդիական ու մասնագիտական մօտեցումներով: Մեր ունեւոր ազգայինները պէտք է լրջօրէն մտածեն յիշեալ կարիքներուն մասին»։