Իրանի Նախագահը Թեհրանի Հայկական Հիւանդանոցին 350,000 Տոլար Կը Նուիրէ
1959
0
ԹԵՀՐԱՆ.- «Իրնա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի հայ համայնքին պատկանող «Աւպիսեան» հիւանդանոցին 10 միլիառ իրանեան ռիալի (շուրջ 350,000 տոլար) նուիրատուութիւն կատարած է:
Նախագահի խորհրդական Հիւսէյն Ֆերէյտուն ըսած է, որ իսլամներու եւ ոչ իսլամներու համակեցութիւնը Իրանի մէջ լաւ օրինակ է շրջանի բոլոր երկիրներուն համար:
Թեհրան գտնուող հայկական հիւանդանոց այցելութեան ընթացքին ան նշած է, որ «փոքրամասնութիւն» ըսելու փոխարէն՝ աւելի լաւ է ըսել «ոչ իսլամ իրանցիներ»: