Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէն Մեծարեց Լաւագոյն Մարզիկները


Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէն մեծարեց Մարզական լրագրողներու համադաշնակցութեան ընտրած 10 մարզիկները: Այս հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի 2-րդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան: ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ այս հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի պատկանող «Փարաւոն» համալիրին մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.