Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի Գոլոլեան նախակրթարանի Գ. կարգի աշակերտները կը գրեն Կաղանդ Պապային


 

 

ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի »Գոլոլեան« նախակրթարանի Գ. կարգի աշակերտները կը գրեն Կաղանդ Պապային
Սիրելի Կաղանդ Պապա,Յուսամ կեանքդ մինչեւ հիմա լաւ անցուցիր: Կաղանդ Պապա, քեզմէ մի քանի խնդրանքներ ունիմ: Առաջինը կ՚ուզեմ, որ Հալէպի պատերազմը վերջանայ: Ամէն հայ ուրախ ըլլայ, մանաւանդ հայ երեխաները: Սիրելի Կաղանդ Պապա, ես եւ եղբայրս անհամբեր կը սպասենք քեզի: Կրնաս գիրքեր բերել մեզի, որ ես եւ եղբայրս կարդանք: Շնորհակալութիւն:

Կարէն

Սիրելի Կաղանդ Պապա,Եւ կ՚ուզեմ, որ այս Կաղանդին, Հալէպ, Լիբանան եւ Սու-րիա պատերազմ չըլլայ այլեւս եւ ռմբակոծումը թող կենայ: Հալէպ, Լիբանան եւ Սուրիա խաղաղութիւն թող ըլլայ: Աս ամէն բաները եթէ ընես՝ ամենամեծ նուէրը կ՚ըլլայ ինծի համար:

Արմէն

Սիրելի Կաղանդ Պապա,Կաղանդ Պապա, ես կը յուսամ, որ լաւ անցուցիր ամառը եւ հիմա, որ արդէն ձմեռ է եւ Սուրբ Ծնունդը պիտի գայ, կ՚ուզեմ իմ նուէրս Հալէպի հայ փոքրիկներուն տաս, որովհետեւ ես գիտեմ անոնք շատ դժուարութեան մէջ են:

Գրիգոր Սապունճեան

Կաղանդ Պապա,Սիրելի Կաղանդ Պապա ես շատ խաղալիքներ ունիմ: Այս տարի չեմ ուզեր խաղալիքներ բերես նորէն, այս տարի ալ կը խնդրեմ, որ առիթը ստեղծես, որ ես օր մը Հայաստան երթամ եւ Աղթամարը տեսնեմ: Անվերջ կ՚երազեմ Հայաստանի հողին վրայ ըլլալ:

Թամար Օհան

Կաղանդ Պապա,Այս տարի ես կ՚ուզեմ օգնել այն ընտանիքներուն, որոնք դրամ չունին եւ հիւանդ են: Ես շատ խաղեր ունիմ եւ միշտ իմ ընտանիքս ինծի համար կ՚առնէն եւ շնորհակալ եմ իմ ունեցած խաղալիքներով:

Քրիստըֆըր Տ.

Սիրելի Կաղանդ Պապա,Ուրախ եմ, որ նորէն կը մօտենանք Նոր Տարուան ու կրկին կրնամ ձեզի նամակ գրել: Կը փափաքիմ, որ աշխարհի փոքրիկները ուրախ ըլլան: Ես կ՚ուզեմ, որ ամէն պզտիկ եւ մեծ նուէր ստանայ, մանաւանդ չքաւոր ընտանիքները: Սիրելի Կաղանդ Պապա, կը խնդրեմ, որ իմ Կաղանդիս նուէրը չքաւոր ընտանիքներուն ալ բաժնես:

Անուշ Յարութիւնեան

Սիրելի Կաղանդ Պապա,Մէկ տարի է քեզ չեմ տեսած: Ինչպէ՞ս ես: Շնորհակալ եմ բոլոր այն նուէրներուն համար որ դուն ինծի տուած էիր անցեալ տարի: Շատ սիրեցի: Բայց այս տարի խաղալիք չեմ ուզեր: Այս տարի, ամենէն մեծ նուէրը որ դուն կրնաս տալ՝ ազատութիւն եւ խաղաղութիւն աշխարհին: Միայն ատիկա կ՚ուզեմ Կաղանդ Պապա: Չեմ կրնար սպասել մինչեւ դուն գաս:

Սօֆիա Ալէքսանեան 

Սիրելի Կաղանդ Պապա,Այս տարուան իմ խնդրանքս պիտի ըլլայ, որ խաղաղութիւն տաս Սուրիայի եւ ուրախութիւն բոլոր սուրիահայերուն մանաւանդ պզտիկներուն: Որովհետեւ կը լսեմ իմ ընտանիքէս, որ կը խօսին իրենց հարազատներուն մասին, որ դժուար օրերու մէջ կ՚ապրին: Կը մաղթեմ ու կ՚աղօթեմ որ Նոր տարին ըլլայ խաղաղ եւ առողջ տարի:

Արամ Թիքճեան

Սիրելի Կաղանդ Պապա,Շատ շնորհակալ եմ որ ինծի շատ նուէրներ բերած ես, բայց հիմա, որ քիչ մը աւելի մեծցայ, ամենէն մեծ նուէրը որ ինծի եւ ամէն հայու կրնաս տալ, մեր հողերն են: Կ՚ուզեմ, որ թուրքերը մեզի վերադարձնեն մեր հողերը: Ես այլեւս նուէրներ չեմ ուզեր, որովհետեւ ամէն ինչ ունիմ: Շնորհակալ եմ եւ յաջողութիւն:

Լարա

Սիրելի Կաղանդ Պապա,Իմ առաջին նամակս, ահաւասիկ, Կաղանդ Պապա, քեզ կը գրեմ ամբողջ սրտով: Ինչպէ՞ս ես դուն, Կաղանդ Պապա: Յուսամ լաւ, առողջ ու հանգիստ: Միայն մէկ բան կը ցանկամ, որ մեր աշխարհը ըլլայ միշտ խաղաղ ու ընտանիքս առողջ եւ ուրախ:

Քրիստափոր Կոստանեան

Սիրելի Կաղանդ Պապա,Դուն արդէօք իրակա՞ն ես: Արդէօք պզտիկներուն նուէրները դո՞ւն կը պատրաստես: Այս գրողը Գայեանէ Թորոսեանն է: Կ՚ապրիմ Թորոնթոյի մէջ եւ 8 տարեկան եմ: Քեզմէ այս տարի պարզ նուէր չեմ ուզեր, որովհետեւ ես այլեւս մեծցած եմ. իմ նուէրս կ՚ըլլայ Մասիս սարը եւ Հայկական հողերը երթալ եւ տեսնել: Արդեօք կրնա՞ս այս նուէրը իրականացնել:

Գայեանէ Թորոսեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.