Ճատրակ. Գրիգոր – Սեւակ Մխիթարեան` Արծաթէ Մետալակիր
1281
0
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը (Armchess.am) կը հաղորդէ, որ կրանտմասթըր Գրիգոր-Սեւակ Մխիթարեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ժոաօ Փեզոայի մէջ տեղի ունեցած Պրազիլի ճատրակի ախոյեանութեան, առաւելագոյն 11 կէտէն 8 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ երկրորդ եւ բնականաբար տիրացաւ արծաթ մետալին: Երկրի ախոյեան հանդիսացաւ կրանտմասթըր Ռաֆայէլ Լէյթաօ, որ ապահովեց 9,5 կէտ: