ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒԱԾ Է ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ ՀԱՐՑԸ


 

 

«Արմենիա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը մասնակցած է Պրազիլի մայրաքաղաք Պրազիլիայի մէջ 10-13 դեկտեմբերին տեղի ունեցած Մարդկային իրաւանց համաշխարհային համախմբումին (ՄԻՀՀ)։

Պուէնոս Այրէսի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի տնօրէն Քարոլինա Քարակէօզեան եւ փաստաբան Կիէրմօ Ֆերայոլի Քարամանեան ներկայացուցած են «Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ 20-րդ դարու ցեղասպանական հոլովոյթոներու բաղդատական ուսումնասիրութիւն մը» նիւթը, որուն մէջ անոնք Հայոց ցեղասպանութիւնը քննարկած են ընկերային եւ պատմական դիտանկիւնէ։ Փոխհատուցման հարցը նիւթի կեդրոնական թեմաներէն մէկն էր։

Քարամանեան՝ ակնարկելով Սեւրի դաշնագրին եւ Ուիլսընեան Հայաստանին յայտնած է, որ «Թուրքիա պէտք է Հայաստանի հողատարածքները վերադարձնէ, ըստ 22 նոյեմբեր 1920-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի հրապարակած պայմաններուն։

«Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերը հայ ժողովուրդին հասած մնայուն նիւթական վնաս մըն էին։ Այդ վնասը տակաւին արդար փոխհատուցմամբ մը չէ դարմանուած։ Այդպիսի փոխհատուցում մը պէտք է նկատի ունենայ թէ՛ կորսուած կեանքերը, թէ՛ պետութեան եւ թրքական վերնախաւի անդամներու կողմէ կալուածներու սեփականացումը», ըսաւ Քարակէօզեան։

Փակման արարողութեան ընթացքին, Պրազիլի մարդկային իրաւանց հարցով փոխնախարար Փաթրիսիա Պարսելոս յայտարարեց, որ Արժանթին պիտի հիւրընկալէ 2015-ին նախատեսուած ՄԻՀՀ-ն։

ՄԻՀՀ-ի կը ձգտի մարդկային իրաւանաց շուրջ հասարակական քննարկումի միջավայր ստեղծել, կեդրոնանալով տարբեր կարծիքներու յարգանքին, ընկերային մասնակցութեան, անհաւասարութեանց նուազեցման եւ մարդկային իրաւանց բոլոր ոտնահարումներու դիմակայման վրայ։

Ըստ ՄԻՀՀ-ի կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան, համախմբումին ընթացքին աւելի քան 500 աշխատանոցներ (workgroup) տեղի ունեցած են, մասնակցուցեամբ (Պրազիլի «Հ») հանրապետութեան նախագահ Տիլմա Ռուսեֆի, նախկին նախագահ Լուլայի, Քոլոմպիայի փոխնախագահին, գործադիր քարտուղար Փաթրիսիա Պարսելոսի եւ այլ անձնաւորութիւնները։ Աւելի քան 9 հազար մասնակիցներ եղած են։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.