Հանդիպում Գանատայի Կրօնական Ազատութեան գրասենեակի Դեսպան Andrew Bennett-ի հետ
1419
0
Ուրբաթ 6 դեկտեմբեր 2013-ին Գանատահայոց Առաջնորդարանէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Գանատայի Կրօնական Ազատութեան գրասենեակի Դեսպան Andrew Bennett-ի և Գանատայի մէջ գործող Հայկական եկեղեցիներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն միջեւ։
Ժողովի մասնակիցներն էին Գերշ. Տէր Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, Գերշ. Տէր Խաժակ Արք. Յակոբեան, Գերապատիւ Տէր Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեան, Վերապատուելի Մանուէլ Ճինպաշեան, Գանատայի Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի տնօրէն Ռուբէն Գույումճեան և Գանատահայոց Առաջնորդարանի Կառավարական Յարաբերութեանց պատասխանատու Յակոբ Արսլանեան։
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան կրօնական ազատութեան վերաբերող հարցեր ինչպէս նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին Գանատայի մէջ շարք մը ծրագիրներ։