Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴի Բիւրօն
1683
0
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կիրակի գիշեր, Դեկտեմբեր 1ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյին, գլխաւորութեամբ՝ Հրանդ Մարգարեանի։
Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ու յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցին առնչուած ծրագիրներ ու աշխատանքներ: