Սուրիոյ իսլամ ժիհատականներու շարքերուն մէջ կը կռուին 500 թուրք զինեալներ


 

 

Թուրք ժիհատական Ահմէտ Զօրլու սպաննուած է 2013-ի Մարտին, Հալէպի մօտակայ Հան էլ Ասէլ շրջանին մէջ մղուող մարտերու ընթացքին։ Ղեկավարն էր թուրք ժիհատական խումբի մը։ 30-ամեայ թուրք ժիհատականը թաղուած է իր ծննդավայրին մէջ, Իսթանպուլի ծովեզերեայ Եալովա շրջանին մէջ։

 

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան և Ազգային հետախուզական կազմակերպութեան (MIT) տուեալներով՝ Սուրիոյ տարածքին նախագահ Պաշշար Ասատի դէմ կռուող զինեալ խմբաւորումներու շարքերուն մէջ կը գտնուի Թուրքիոյ քաղաքացի 500 զինեալ։

Թուրքիոյ քաղաքացիներուն մէկ մասը, Սուրիոյ ծայրայեղական իսլամական խումբերուն միացած է Փաքիստանի և Աֆղանիստանի մէջ գտնուող յատուկ ճամբարներու մէջ մարզուելէ ետք։

Միեւնոյն ժամանակ, վերոնշեալ 500 թուրք կամաւոր զինեալներու կողքին, Սուրիոյ կառավարական ուժերուն դէմ կը կռուին 1500 վարձկան թուորք զինեալներ, որոնք ամսական 1500 տոլար կը ստանան։

 

 

Ըստ նոյն աղբիւրներուն, 2.5 տարուան ընթացքին 75 թուրք քաղաքացի սպանուած է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.