25-28 Մայիս 1918. Հայութիւնը Պարտութեան Մատնեց Երեւանի Վրայ Արշաւող Թրքական Զօրքը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

1918ի ­Մա­յիս ամ­սու վեր­ջին շա­բա­թը, յատ­կա­պէս ­Մա­յիս 25էն ­Մա­յիս 28 եր­կա­րող քա­նի մը օ­րե­րը, դա­րա­կազ­միկ հան­գո­ւան մը կը խորհր­դան­շեն հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­գոյն շրջա­նի պատ­մու­թեան մէջ։

Մա­յի­սի այս օ­րե­րուն, կեր­տո­ւե­ցաւ պան­ծա­լի Ա­ւան­դը «­Մա­յիս 28»ի, որ խտա­ցուց խոր­հուր­դը հայ ժո­ղո­վուր­դի նոր դա­րաշր­ջան մուտ­քին ու, իբ­րեւ Ազ­գա­յին-­Պե­տա­կան Ա­ծուի, յաղ­թա­կան վե­րա­կանգ­նու­մին։

Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ար­հա­ւիր­քին մէջ տո­ւայ­տող հայ ժո­ղո­վուր­դը, թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած իր բե­կոր­նե­րով, ­Մա­յիս 1918ի վեր­ջին օ­րե­րուն, Ա­րա­րա­տեան ­Դաշ­տին վրայ իր վեր­ջին ու­ժե­րը հա­ւա­քեց, ե­ղեռ­նա­գործ թրքա­կան զօր­քե­րու ընդ­հա­նուր գրո­հին դէմ մէկ մար­դու պէս ծա­ռա­ցաւ եւ, փա­ռա­պանծ յաղ­թա­նակ­ներ ար­ձա­նագ­րե­լով, նոր դա­րաշր­ջան բա­ցող հա­շո­ւե­յար­դար կա­տա­րեց իր պատ­մու­թեան եօ­թը դա­րե­րու թա­ւալգ­լոր ան­կու­մի ըն­թաց­քին հետ։

Շր­ջեց ընկր­կու­մի, պար­տու­թեան, գե­րու­թեան եւ հա­մա­կեր­պու­մի այս­պէս կո­չո­ւած ճա­կա­տագ­րա­կան կոր­ծա­նա­րար ա­նի­ւը եւ նո­ւա­ճեց Ազ­գի ու ­Հայ­րե­նի­քի յաղ­թա­կան վե­րա­կանգ­նու­մը՝ սե­փա­կան զի­նու զօ­րու­թեամբ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը կեր­տե­լով ու հա­յոց ազ­գա­յին մե­րօ­րեայ պե­տա­կա­նու­թիւ­նը կեան­քի կո­չե­լով։

Յատ­կա­պէս 25 ­Մա­յիս 1918ը դար­ձա­կէ­տի նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ, ո­րով­հե­տեւ այդ օր, Սար­դա­րա­պա­տի ճա­կա­տին վրայ, հայ ժո­ղո­վուր­դը իր ա­ռա­ջին յաղ­թա­նա­կը նո­ւա­ճեց Մա­յիս 18էն սկսեալ թրքա­կան բա­նա­կի ձեռ­նար­կած միա­ժա­մա­նակ ե­րեք ուղ­ղու­թիւն­նե­րով ընդ­հա­նուր, այլ հա­յաս­պա­նա­կան վեր­ջին ու մա­հա­ցու հա­րո­ւա­ծի ուժգ­նու­թիւ­նը ու­նե­ցող թուրք յար­ձա­կո­ղա­կան գրո­հին դէմ։

Կով­կա­սեան ճա­կա­տի թրքա­կան զօր­քե­րու հրա­մա­նա­տար ­Վե­հիբ ­Փա­շան սրած էր ե՛ւ սո­ւին­նե­րը, ե՛ւ ա­խոր­ժակ­նե­րը։ ­Յու­նո­ւար 1918ի ա­ռա­ջին օ­րե­րէն սկսեալ յաղ­թա­կան կ­þար­շա­ւէր ­Հա­յաս­տա­նի վրայ՝ օգ­տո­ւե­լով ­Ռու­սաս­տա­նը ցնցած 1917ի փետ­րո­ւա­րեան յե­ղա­փո­խու­թե­նէն եւ, ա­միս­ներ ետք, ա­նոր յա­ջոր­դած հոկ­տեմ­բե­րեան՝ պոլ­շե­ւի­կեան յե­ղաշր­ջու­մէն, ո­րոնք յան­գե­ցան հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մէն ­Ռու­սաս­տա­նը դուրս բե­րե­լու եւ, ­Դեկ­տեմ­բեր 1917ին, ռազ­մա­ճա­կատ­նե­րէն ռուս զօր­քե­րը «տուն կան­չե­լու» լե­նի­նեան քայ­լին եւ ա­նոր կոր­ծա­նա­րար հե­տե­ւանք­նե­րուն՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։

Կով­կա­սեան ճա­կա­տին վրայ 1915-16ին ան­փա­ռու­նակ պար­տու­թիւն կրած թրքա­կան բա­նա­կը յա­ջո­ղե­ցաւ, 1918ի ա­ռա­ջին քա­նի մը ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին, ոչ միայն վե­րագ­րա­ւել 1915էն ետք ռու­սա­կան յաղ­թա­կան բա­նա­կին եւ ա­նոր մաս կազ­մող հայ կա­մա­ւո­րա­կան գուն­դե­րու յաղ­թար­շա­ւին իր զի­ջած հո­ղե­րը, այ­լեւ՝ նա­խա­պա­տե­րազ­մեան ռուս-թրքա­կան սահ­մա­նը հա­տե­լով, սկսաւ ա­րա­գըն­թաց յա­ռա­ջա­նա­լու մին­չեւ ­Ղա­րա­քի­լի­սա։ Իսկ ­Ղա­րա­քի­լի­սա­յի վրայ ­Մա­յիս 18ին իր ձեռ­նար­կած ու­ժեղ յար­ձա­կու­մին զու­գա­հեռ, ­Վե­հիբ ­Փա­շա իր զօր­քե­րը ­Մա­յիս 20ին շարժ­ման մէջ դրաւ ­Սար­դա­րա­պա­տի եւ Բաշ-Ա­պա­րա­նի ուղ­ղու­թեամբ, որ­պէս­զի Անդր­կով­կա­սը ամ­բող­ջա­պէս թրքա­կան հա­կակշ­ռի տակ առ­նե­լու եւ հա­մաթր­քա­կան ե­րա­զը ի­րա­գոր­ծե­լու ճամ­բուն վրայ, իր յաղ­թար­շա­ւը ար­գե­լա­կող «­Հայ­կա­կան ­Սե­պը» մէ­կան­գա­մընդ­միշտ ընկ­ճէր ու բնաջն­ջէր։

1917ի տա­րե­մու­տը նո­րո­վի յոյ­սե­րով ող­ջու­նած հայ ժո­ղո­վուր­դը, որ տեն­դա­գին լծո­ւած էր ա­զա­տագ­րեալ Ա­րեւմտա­հա­յաս­տա­նը վե­րաբ­նա­կեց­նե­լու, թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան վէր­քե­րը դար­մա­նե­լու, գաղ­թա­կան­ներն ու որ­բե­րը հա­ւա­քե­լու եւ հայ­կա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան կռուան­նե­րը ամ­րապն­դե­լու հսկա­յա­կան գոր­ծին, յան­կարծ՝ ռու­սաս­տա­նեան խռո­վու­թեանց հե­տե­ւան­քով, դէմ յան­դի­ման կանգ­նե­ցաւ թրքա­կան սպառ­նա­լի­քին եւ ա­նա­ւարտ մնա­ցած ցե­ղաս­պա­նու­թեան վեր­ջին ա­րա­րին…

Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Գուն­դե­րը ար­դէն միա­ւո­րո­ւած էին՝ ­Կով­կա­սեան ճա­կա­տի ամ­բողջ եր­կան­քին տա­րա­ծո­ւած եւ մին­չեւ ­Պիթ­լի­սի դռնե­րը հա­սած ու Երզն­կա մտած ռու­սա­կան բա­նա­կի ­Հայ­կա­կան ­Կոր­պու­սին մէջ, որ կա­նո­նա­ւոր բա­նա­կի վե­րա­ծո­ւած էր զօ­րա­վար Թով­մաս ­Նա­զար­բէ­կեա­նի ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տա­րու­թեան եւ Անդ­րա­նի­կի, Դ­րո­յի, դաշ­նակ­ցա­կան ­Խե­չո­յի, ­Քե­ռիի, ­Սե­պու­հի ու ­Գա­րե­գին Նժ­դե­հի օ­րի­նա­կով ա­նո­ւա­նի մար­տիկ­նե­րու հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ։

Ա­ւե­լի՛ն. 1917ի փետ­րո­ւա­րեան յե­ղա­փո­խու­թեան հետ, Անդր­կով­կա­սի մէջ եւս ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեան փլու­զու­մով ու վրա­ցի­նե­րու, թա­թար­նե­րու եւ հա­յե­րու գոր­ծակ­ցու­թեամբ ժա­մա­նա­կա­ւոր կա­ռա­վա­րու­թեան՝ Անդր­կով­կա­սեան ­Սէյ­մի աս­տի­ճա­նա­կան ձե­ւա­ւո­րու­մով, հա­յու­թիւ­նը քայլ առ քայլ սկսած էր ամ­րապն­դել իր ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ու­ղին։ ­Գու­մա­րո­ւած էին Ա­րեւմ­տա­հա­յոց եւ Ա­րե­ւե­լա­հա­յոց ի­րե­րա­յա­ջորդ Ազ­գա­յին ­Հա­մա­գու­մար­նե­րը, ո­րոնք մէկ կող­մէ հայ­կա­կան վեց նա­հանգ­նե­րու եւ Կի­լի­կիոյ միա­ցու­մով ինք­նա­վար Ա­րեւմտա­հա­յաս­տա­նի նպա­տա­կը բիւ­րե­ղա­ցու­ցած էին, իսկ միւս կող­մէ՝ պար­զած էին Անդր­կով­կա­սի հա­յա­խիտ շրջան­նե­րը վար­չա­կան ա­ռան­ձին միա­ւոր­նե­րու մէջ հա­մախմ­բե­լու եւ դաշ­նակ­ցա­յին կա­պե­րով նախ Անդր­կով­կա­սի ու, ա­պա, ­Ռու­սաս­տա­նի հետ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան միու­թիւն հաս­տա­տե­լու դրօ­շը։
Թր­քա­կան պե­տու­թիւ­նը, իթ­թի­հա­տա­կան իր ե­ղեռ­նա­գործ ղե­կա­վա­րու­թեամբ, ան­տար­բեր կամ ձեռ­նա­ծալ նստած չէր, ան­շո՛ւշտ։ ­Մինչ ­Ռու­սաս­տան կը գա­լա­րո­ւէր յե­ղա­փո­խու­թեան տա­րեր­քով, իսկ Անդր­կով­կա­սի ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ա­կա­մայ գոր­ծակ­ցու­թեան պայ­ման­նե­րուն մէջ սե­փա­կան գլու­խը պահ­պա­նե­լու ել­քեր կ’ո­րո­նէին, ան­դին՝ թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը զէն­քով, դրա­մով ու քա­ղա­քա­կան հո­վա­նա­ւոր­չու­թեամբ՝ ­Կով­կա­սեան ­Ճա­կա­տի ռու­սա­կան զօր­քե­րու թի­կուն­քը հա­րո­ւա­ծող կոյր գոր­ծի­քի կը վե­րա­ծէին ­Հա­յաս­տա­նի եւ ամ­բողջ Անդր­կով­կա­սի քիւրտ ու թա­թար ազ­գաբ­նակ­չու­թիւ­նը։

Ա­րա­րա­տեան դաշ­տէն մին­չեւ ­Շի­րակ եւ ­Զան­գե­զու­րի լեռ­նե­րէն մին­չեւ ­Գան­ձակ, քիւրտ թէ թուրք մո­լե­ռանդ տար­րը, ցե­ղա­պետ­նե­րով ու խա­նե­րով ղե­կա­վարուող զի­նեալ հրո­սա­կա­խումբ­ներ կազ­մած՝ մէկ ձեռ­քով ­Սէյ­մի եւ ­Պոլ­շե­ւի­կեան յե­ղա­փո­խու­թեան զօ­րակ­ցե­լու դրօշ կը պար­զէր, իսկ միւ­սով ազ­գա­մի­ջեան գրգռու­թիւն­ներ կը հրահ­րէր, հա­յեւ­ռուս զի­նո­ւոր­նե­րու մի­ջեւ անվս­տա­հու­թիւն կը սեր­մա­նէր եւ ընդ­հան­րա­պէս կ’աշ­խա­տէր ռու­սա­կան բա­նա­կին թի­կուն­քը քայ­քա­յե­լու։

Ա­հա այս զար­գա­ցում­նե­րու խո­րա­պատ­կե­րին վրայ ­Թուր­քիա ստա­ցաւ իր սպա­սած հրաշ­քը՝ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու իշ­խա­նու­թեան գլուխ գա­լով ­Ռու­սաս­տա­նի դուրս քա­շո­ւի­լը Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տէն։ ­Դեկ­տեմ­բեր 1917ի Պ­րեսթ-­Լի­թովս­կի հաշ­տու­թեան պայ­մա­նա­գի­րը եւ, ­Յունուար 1918ին, ա­նոր հե­տե­ւած Անդր­կով­կա­սեան ­Սէյ­մի ու Թուր­քիոյ մի­ջեւ կնքուած զի­նո­ւո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թեանց դադ­րեց­ման պայ­մա­նա­գի­րը գլխի­վայր շրջե­ցին ու­ժե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը ­Կով­կա­սեան ­Ճա­կա­տի վրայ, ի նպաստ ­Թուր­քիոյ։ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րեալ տա­րած­քին, ինչ­պէս եւ Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նի խո­րե­րը միա­ժա­մա­նակ թափ ա­ռին քիւրտ-թա­թա­րա­կան գրգռու­թիւն­նե­րը եւ հա­յե­րու հետ ընդ­հա­րում­նե­րը, ո­րոնք ռազ­մա­ճա­կա­տը լքող ռուս զի­նո­ւոր­նե­րու ա­ռա­ջա­ցու­ցած ի­րա­րան­ցու­մին վրայ գու­մա­րո­ւե­լով՝ ընդ­հա­նուր անձ­կու­թեան եւ բա­րո­յալ­քու­մի վի­ճակ ա­ռա­ջա­ցու­ցին։

Հա­կա­ռակ իր կնքած զի­նա­դու­լի պայ­մա­նա­գիր­նե­րուն եւ հա­կա­ռակ, նոյն­պէս, ռազ­մա­կան ու­ժի ա­ռու­մով իր աննպաստ դիր­քին, ­Թուր­քիա ա­րագօրէն ձեռ­նար­կեց ներ­կա­յա­ցած յար­մար պա­հը ա­ռա­ւե­լա­գոյն չա­փով օգ­տա­գոր­ծե­լու քայ­լե­րու։ ­Ռու­սա­կան զօր­քե­րու թի­կուն­քին՝ ­Կարս ու Ար­տա­հա­նէն մին­չեւ Ա­լեք­սանդ­րա­պոլ, քիւրտ-թա­թա­րա­կան խռո­վու­թեանց հրահրման զու­գա­հեռ, ­Վե­հիբ ­Փա­շա սկսաւ ճնշու­մի տակ առ­նել ռազ­մա­ճա­կա­տի ռու­սա­կան դիր­քե­րը։ Ա­ռա­ջին թի­րա­խը ե­ղաւ Երզն­կան, ուր ռուս զի­նո­ւոր­նե­րու հե­ռա­նա­լէն ետք միայն հայ­կա­կան զօրք մնա­ցած էր։ Թր­քա­կան վե­րա­հաս գրո­հին եւ ա­նոր հե­տե­ւող խա­ղաղ բնակ­չու­թեան սպան­դին ա­ռաջքն առ­նե­լու մտա­հո­գու­թեամբ՝ զօր. ­Նա­զար­բէ­կեան հրա­հան­գեց պար­պել Երզն­կան՝ ե՛ւ բա­նա­կով, ե՛ւ բնակ­չու­թեամբ։ ­Վե­հիբ ­Փա­շա հան­գիստ մուտք գոր­ծեց Երզն­կա ­Յու­նո­ւար 31ին։
Այդ­պէս սկսաւ եւ շատ ա­րագ թա­փով ըն­թա­ցաւ մէկ կող­մէ հայ­կա­կան զօր­քի նա­հան­ջը, իսկ միւս կող­մէ ­Վե­հիբ ­Փա­շա­յի բա­նա­կին յա­ռաջ­խա­ղաց­քը։ ­Յունուա­րի վեր­ջե­րուն գրե­թէ ռազ­մա­կան հա­ւա­սար ուժ ներ­կա­յաց­նող հա­կա­դիր զօր­քե­րուն մի­ջեւ, եր­կու ա­միս ետք, կտրուկ փո­խո­ւե­ցաւ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը։ ­Կա­րի­նը, Վա­նը, ­Կար­սը եւ Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի յա­ջոր­դա­կան գրա­ւում­նե­րուն հետ, թրքա­կան բա­նա­կին ե՛ւ քա­նա­կա­կան, ե՛ւ ռազ­մամ­թեր­քի ու­ժը կրկնա­պա­տիկ գե­րա­զան­ցեց հայ­կա­կան զօր­քի կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը։ Ապ­րի­լին Վե­հիբ ­Փա­շա ար­դէն հա­սած էր ­Ղա­րա­քի­լի­սա եւ օր­հա­սա­կան վտան­գը շօ­շա­փե­լի ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձած էր հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։

Անդր­կով­կա­սեան ­Սէյ­մի մի­ջո­ցաւ զի­նա­դա­դա­րի հաս­նե­լու եւ թրքա­կան ար­շա­ւան­քը սան­ձե­լու փոր­ձե­րը կեղծ էին եւ ա­պար­դիւն ան­ցան։ Ա­ւե­լի՛ն. վրա­ցիք ի­րենց փրկու­թիւ­նը գտան ­Թուր­քիոյ դաշ­նա­կից գեր­մա­նա­ցի­նե­րու մէջ, մինչ թա­թար­նե­րը սկսան Ա­րա­րա­տեան դաշ­տի հա­յու­թեան շուրջ պա­շար­ման աք­ցա­նը սեղ­մել ­Գան­ձա­կէն ու Զան­գե­զու­րէն։

Միայն հրաշ­քը կրնար փրկել հայ ժո­ղո­վուր­դը, որ այ­լեւս նա­հան­ջի տեղ չու­նէր, ոչ ալ անձ­նա­տո­ւու­թիւ­նը կրնար զինք փրկել, ո­րով­հե­տեւ թուր­քը կը յա­ռա­ջա­նար հա­յու­թեան վեր­ջին կռո­ւա­նը եւս բնաջն­ջե­լու ո­րո­շու­մով։

Հայ ժո­ղո­վուր­դը ար­ժա­նա­ցաւ այդ հրաշ­քին, երբ Ա­րա­մի ներշն­չու­մով ու ղե­կա­վա­րու­թեամբ՝ Ե­րե­ւա­նի մէջ մէկ մար­դու պէս ծա­ռա­ցաւ հա­յու­թիւ­նը։

Երբ ­Ղա­րա­քի­լի­սան կրա­կի տակ ա­ռած ­Վե­հիբ ­Փա­շան իր զօր­քե­րէն մաս մը 20 ­Մա­յիս 1918ին գրո­հի մղեց միա­ժա­մա­նակ ­Սար­դա­րա­պա­տի եւ ­Բաշ-Ապա­րա­նի ուղ­ղու­թեամբ, իր դէմ գտաւ ռազ­մա­ճա­կատ նե­տո­ւած ան­պար­տե­լի ժո­ղո­վուրդ մը, որ մե­ծով ու պզտի­կով, հո­գե­ւո­րա­կա­նով ու կի­նե­րով, բո­լո­րո՜վ կռո­ւի ե­լած էր՝ Ա­զա­տու­թիւն կամ ­Մահ վճռա­կա­նու­թեամբ։

Մա­յիս 25էն 28 ­Մա­յիս 1918ին, հա­յու­թիւ­նը յաղ­թա­նա­կով ա­ւար­տեց ­Սար­դա­րա­պա­տի, Բաշ-Ա­պա­րա­նի եւ ­Ղա­րա­քի­լի­սա­յի օր­հա­սա­կան ճա­կա­տա­մարտ­նե­րը, ո­րոնք միաս­նա­բար՝ իբ­րեւ ­Մա­յի­սեան ­Հե­րո­սա­մարտ՝ նո­ւա­ճե­ցին յաղ­թա­կան դար­ձա­կէ­տը հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան եւ պսա­կո­ւե­ցան Մա­յիս 28ի փա­ռա­պանծ քայ­լով՝ Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան կեր­տու­մով։

Յատ­կա­պէս ­Մա­յիս 25ին, ­Սար­դա­րա­պա­տի յաղ­թա­նակ ճա­կա­տա­մար­տով, ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ նոր կեան­քի պայ­ծառ հո­րի­զո­նը բա­ցո­ւե­ցաւ։

Մա­յիս 24ին ար­դէն, ե­րեք ուղ­ղու­թիւն­նե­րով (­Սար­դա­րա­պատ, ­Բաշ-Ա­պա­րան եւ Ղա­րա­քի­լի­սա) ­Մա­յիս 21ին սկսած թրքա­կան ընդ­հա­նուր յար­ձա­կո­ղա­կա­նը փաս­տօ­րէն կա­սե­ցո­ւած էր։

Ե­րեք ճա­կատ­նե­րուն վրայ ալ, ­Մա­յիս 21էն սկսեալ, հայ ժո­ղո­վուր­դը օր­հա­սա­կան կռիւ մղե­լով կրցած էր յետ վա­նել հա­յաս­պա­նու­թիւ­նը իր ա­ւար­տին հասցնե­լու մո­լուց­քով գրո­հող թրքա­կան թշնա­մին։

Երբ թրքա­կան զօր­քը ե­րեւ­ցաւ ­Սար­դա­րա­պա­տի մա­տոյց­նե­րուն եւ փոր­ձեց յա­ռա­ջա­նալ դէ­պի Ե­րե­ւան, սկզբնա­պէս սար­սափն ու խու­ճա­պը հա­մա­կե­ցին ողջ հա­յու­թիւ­նը։ ­Բայց Մար­տի վեր­ջե­րուն ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ Ե­րե­ւա­նի «դիկ­տա­տոր» կար­գո­ւած Ա­րա­մը շատ ա­րագ յաղ­թա­հա­րեց բա­րո­յալ­քու­մի այդ հո­գե­վի­ճա­կը եւ, Ե­րե­ւա­նի Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դին ու ա­նոր ա­ռա­ջա­ցու­ցած ­Յա­տուկ ­Մար­մի­նին ամ­բող­ջա­կան գոր­ծակ­ցու­թեամբ՝ բո­լոր ու­ժե­րով ու ան­պայ­ման յաղ­թե­լու վճռա­կա­նու­թեամբ դէ­պի կռո­ւի դաշտ ու սրբա­զան գո­յա­մարտ մղեց ողջ Ե­րե­ւա­նը։

Թր­քա­կան յար­ձա­կու­մը ետ մղե­լու ուխ­տով յա­ռաջ նե­տո­ւե­ցան զօ­րա­յին­ներն ու պարզ ժո­ղո­վուր­դը, ե­րի­տա­սարդն ու տա­րե­ցը, կինն ու մա­նու­կը, մտա­ւո­րա­կանն ու հո­գե­ւո­րա­կա­նը։

Ե­րե­ւա­նի զօ­րա­շար­ժը թափ տո­ւաւ նաեւ ­Բաշ-Ա­պա­րա­նի ու ­Ղա­րա­քի­լի­սա­յի ճա­կատ­նե­րուն վրայ թշնա­մին ետ մղե­լու հա­մընդ­հա­նուր կո­րո­վին ու մար­տու­նա­կու­թեան։ Ե­րե­ւա­նի մէջ Ա­րամ եւ հայ­կա­կան զօր­քի հրա­մա­նա­տար զօր. Սի­լի­կեան, ­Սար­դա­րա­պա­տի ճա­կա­տին վրայ զօր. ­Դա­նիէլ ­Բէգ ­Փի­րու­մեան, ­Բաշ Ա­պա­րա­նի ճա­կա­տին վրայ Դ­րօ, ­Ղա­րա­քի­լի­սա­յի վտան­գո­ւած ճա­կա­տը պաշտ­պա­նող հայ­կա­կան զօր­քի ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տար զօր. ­Նա­զար­բէ­գեան, ինչ­պէս նաեւ ֆե­տա­յա­կան շարժ­ման մեծ դպրո­ցէն ան­ցած ­Սե­պուհ, Սմ­բատ, ­Գա­րե­գին Նժդեհ, Մու­րատ, ­Հա­մա­զասպ, ­Դէ­լի ­Ղա­զար եւ ըն­կեր­ներ բա­ռին բուն ի­մաս­տով հրաշք գոր­ծե­ցին։

Ապ­րիլ ամ­սու ըն­թաց­քին Երզն­կան, ­Կա­րինն ու ­Կար­սը դիւ­րու­թեամբ գրա­ւած եւ Ա­լեք­սանդ­րա­պոլ հա­սած ­Վե­հիբ փա­շա­յի զօր­քե­րը յան­կարծ ի­րենց դէմ գտան մէկ մար­դու պէս կռո­ւի դաշտ նե­տո­ւած ան­պար­տե­լի ժո­ղո­վուրդ մը…

Եւ ­Մա­յի­սի 23էն 24, կրկնա­պա­տիկ ա­ւե­լի թո­ւով թուրք զօր­քե­րուն դէմ, հայ­կա­կան ու­ժե­րը հե­րո­սա­կան ճա­կա­տում­նե­րով ռազ­մա­կան փայ­լուն յաղ­թա­նակ­ներ տա­րին եւ, ի վեր­ջոյ, կոտ­րե­ցին թրքա­կան զօր­քի թա­փը։

Յատ­կա­պէս ­Սար­դա­րա­պա­տի ճա­կա­տին վրայ ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ յաղ­թա­կան դար­ձա­կէ­տը։

Մա­յիս 1918ի վեր­ջին շա­բա­թը այս ա­ռու­մով հան­դի­սա­ցաւ հա­յոց բազ­մա­դա­րեան պատ­մու­թեան այն աս­տե­ղա­յին պա­հե­րէն մէ­կը, երբ հա­յու­թիւ­նը՝ իր ղե­կա­վա­րու­թեամբ ու ժո­ղո­վուր­դով՝ գոր­ծեց միեւ­նոյն բա­բա­խու­մով ու վե­րա­ծո­ւե­ցաւ միա­ձոյլ կամ­քի եւ հա­ւա­քա­կան ու­ժի։ Այդ միա­ձոյլ կամքն ու հա­ւա­քա­կան ու­ժը մղում տո­ւին ­Մա­յի­սեան յաղ­թա­նակ­նե­րուն, ո­րոնք հնա­րա­ւոր դար­ձու­ցին ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան նո­ւա­ճումն ու հա­յոց ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան ստեղ­ծու­մը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.