Կուսթաւօ Ալվարօ` Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Գլխաւոր Մարզիչը Ըլլալու Գլխաւոր Թեկնածուն


51 տարեկան արժանթինցի մասնագէտ Կուսթաւօ Ալվարօ շատ հաւանաբար կրնայ գլխաւորել Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը: Այս մասին «Արմենիա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան` նշելով, որ ան յառաջիկայ ամիս պիտի ժամանէ Հայաստան: Միաժամանակ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը բանակցութիւններ կը վարէ այլ մասնագէտներու հետ ալ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.