«Հայաստան» Հիմնադրամի Եւրոպայի Հեռաձայնային Դրամահաւաքէն 1,460,000 Եուրօ Կը Գոյանայ
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Անցած շաբաթավերջին, Ֆրանսայի մէջ կայացած հեռաձայնային տարեկան դրամահաւաքին (թելեթոն) ընթացքին կարելի եղած է գոյացնել 1,460,000 եուրօ՝ Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի, ինչպէս նաեւ սուրիահայ համայնքի կարիքներուն համար:
Փարիզցի լրագրող Ժան Էքիյեան Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25ին տեղեկացուցած է, թէ չորս օրերու ընթացքին, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղին կազմակերպած դրամահաւաքին ընթացքին Եւրոպայէն հաւաքուած գումարը նախորդ տարուան գումարէն չորս տոկոսով աւելի եղած է:
Հակառակ տնտեսական շարունակուող ճգնաժամին, հայկական համայնքները մեծ մասամբ արձագանգած են բեմադրիչ Ռոպեր Կետիկեանի, դերասանուհի Արիանա Ասքարիսի եւ այլոց կոչերուն:
Դրամահաւաքի առաջին օրը՝ Նոյեմբեր 21ին, տարուող աշխատանքներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը: