«ՀԱՊԵՐ10».«ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՐՑԸ ԳԱՐՆԱՆ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ՕՐԱԿԱՐԳ»


 

 

Թրքական «Հապեր10» լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա գործի լծուած է՝ կովկասեան տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար։ Կայքէջը կը նշէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու պիտի մեկնի Երեւան՝ աւելցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին Թուրքիան ձեռնամուխ եղած է Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու գործին։

Կայքէջը կը նշէ, որ Տաւութօղլուի յղած ուղերձներէն ուրուագծուող դիպաշարին համաձայն, Հայաստանը Ազրպէյճանին եթէ յանձնէ Ղարաբաղի յարակից շրջաններէն երկուքը, ատիկա պիտի գոհացնէ Ազրպէյճանը եւ իսկական ենթահող պիտի ստեղծէ հայ-թրքական սահմանի բացման համար։

«Գարունը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վրայ։ Սահմանի բացման հարցը պիտի գայ օրակարգ։ Սահմանի բացումը տնտեսական ճգնաժամ ապրող Հայաստանի տնտեսութեան վերակենդանացնող շունչ պիտի հաղորդէ։ Իբրեւ արդիւնք՝ հայկական պնդումներու (Հայոց ցեղասպանութեան – ԽՄԲ.) 100-ամեակի նախօրեակին, Թուրքիան յաջող դիւանագիտական յարձակողական մը կատարած պիտի ըլլայ եւ Սփիւռքի՝ Թուրքիոյ դէմ ուղղուած աշխատանքները յօդս պիտի ցնդին։ Կը սպասուի, որ 12 դեկտեմբերին Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութիւն կազմակերպութեան ժողովին մասնակցելու համար Տաւութօղլուն մեկնի Երեւան», կը գրէ «Հապեր10»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.