Դամասկոսի Մէջ Սուրիական Բանակի Հայ Զինուոր մը զոհուած Է


 

 

 21 Նոյեմբերին, երեք օրուան պրպտումներէ եւ քնութիւններէ ետք ի յայտ եկաւ, սուրիական բանակի մէջ ծառայող հայ զինուոր՝ Յակոբ Տէր Ղազարեանի դիակը: Այս մասին կը հաղորդէ «Բերիոյ նիւզ»-ը:

18 Նոյեմբերին, զինեալ ընդիմադիրներու կողմէ անձնասպանական ռմբային յարձակման թիրախ դարձաւ Դամասկոսի Հարասթա (մայրաքաղաքի հիւսիսը) շրջանին մէջ գտնուող զինուորական կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը՝ բանակի զինուորական կառքերն ու հրասայլերը վերանորոգելու վարչական երկու շէնքերը:
Նշենք, որ պայթումին հետեւանքով կեդրոնի երկու շէնքերը ամբողջութեամբ փուլ գալով պատճառած էր տասնեակ զոհեր եւ վիրաւորներ:

Կարգ մը զոհերու ինքնութիւնը յստակացած էր, սակայն տակաւին կան դիակներու բեկորներ, որոնց պատկանելիութիւնը «Տի. Էն. Էյ.» քննութիւններուն միջոցով կարելի կ՛ըլլայ բացայայտել, հետեւաբար երեք օրուան պրպտումներէ եւ քնութիւններէ ետք ի յայտ եկաւ, որ զոհերու կարգին է սուրիական բանակի մէջ ծառայող հայ զինուոր մը՝ 14 Սեպտեմբեր 1988-ի ծնունդ 25 տարեկան Յակոբ Տէր Ղազարեան:

Արձանագրուած զոհերու դիակները անճանաչելի ըլլալու պատճառով է, որ կ՛ուշանայ զոհերու ինքնութիւնը ի յայտ բերել:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.