Ցեղասպանութիւնը Վերապրողներու Վկայութիւնները՝ Թրքերէնով


Վերժինէ Սվազլեան եւ հատորին հայերէն տարբերակը

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ռակըպ Զարաքօլուի «Պելկէ» հրատարակչատունը նոր ու ստուար հատոր մը եւս հրատարակեց Հայկական Ցեղասպանութեան մասին։ Այս անգամ ան ընթերցողներու տրամադրութեան տակ կը դնէ Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ անդամ, գիտնական ու Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ նիւթերու մասնագէտ Վերժինէ Սվազլեանի լայնաշունչ մէկ գործը, որ կը բովանդակէ Ցեղասպանութենէն վերապրողներու յուշեր, վկայութիւններ, ինչպէս նաեւ այդ տառապալից շրջանին մասին յօրինուած հայերէն ու թրքերէն երգեր։
Վերժինէ Սվազլեանի այս գիրքը 55 տարիներու աշխատանքի մը արդիւնքն է։ Թէեւ հոն խօսողները այլեւս կենդանի չեն, բայց հեղինակը մէկ երկիրէն միւս երկիրը շրջելու ընթացքին հաւաքած է անոնց վկայութիւնները ու տեսողական փաստաթուղթերու վերածած զանոնք՝ այդ վկայութիւնները բառ առ բառ թուղթին յանձնելով։
«Պելկէ» հրատարակչատունը, որ Ցեղասպանութեան մասին ցարդ հրատարակած է շատ կարեւոր գիրքեր, այս անգամ հրատարակած է բոլորովին տարբեր տեսակի գիրք մը, որուն թարգմանութիւնը կատարած են Տիգրան Տէր Ողորմեաճեան եւ Պետրոս Չաւիքեան։
Վերժինէ Սվազլեանի աշխատասիրութիւնը հայերէնով հրատարակուեցաւ 2011ին, Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ, Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի եւ Հնագիտական հիմնարկի համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Հայերէնով հրատարակուելէն հազիւ երկու տարի ետք, գիրքը կ՛արժանանայ թրքերէնով հրատարակուելու բախտին։
Վերժինէ Սվազլեան, գիրքին մուտքը գրելէ եւ Հայկական Ցեղասպանութեան մայր գիծերուն ու արդիւնքներուն մասին տեսակէտներ պարզելէ ետք, ձայնը տուած է քանի մը հարիւր վերապրողներու, որոնցմէ մէկ մասը կը պատմէ իր անձնական յուշերն ու ապրումները, իսկ միւս մասն ալ կը պատմէ ընդհանուր պատահարներն ու զանգուածին ապրումները։ Մասնաւոր կարեւորութիւն ունի նաեւ այն բաժինը, ուր կը տրուին տխուր երգեր, որոնք կը պատմեն հայ ժողովուրդին ապրած ցաւն ու տառապանքը։ Ընդհանրապէս 700 գլուխ վկայութիւն եւ երգ կայ այս գիրքին աւելի քան հազար էջերուն վրայ։
Վերժինէ Սվազլեան դիտել կու տայ, որ սկզբնական շրջաններուն շատ կը դժուարանար վերապրողները խօսեցնել. անոնք կը մերժէին խօսիլ եղածներուն մասին, կամ չէին ուզեր յիշել այդ տխուր օրերը։ Բայց անգամ մը որ կը սկսէին խօսելու, թափ կու տային իրենց պոռթկումներուն ու կը պատմէին մեծ յուզումով։ Անոնցմէ ոմանք, այնքան տառապած ըլլալով հանդերձ, թուրք ժողովուրդին հանդէպ թշնամութիւն չէին զգար, եւ կ՛ընդունէին, որ թուրքերուն մէջ եւս բարի մարդիկ կային, իսկ Ցեղասպանութիւնը կազմակերպուած էր Երիտթուրքերուն կողմէ։
Վերժինէ Սվազլեանի կողմէ ի մի բերուած այս յուշերը պատմական որեւէ ուսումնասիրութենէ շատ աւելի խօսուն են եւ շատ աւելի յուզիչ։ Ընթերցողը իր մորթին վրայ կը զգայ մարդոց կողմէ բերուած վկայութեան ծանրութիւնը։ Այս տեսակէտէն կարելի է ըսել, որ այս գիրքը բաւական տարբեր շունչ ունի ցարդ Ցեղասպանութեան մասին հրատարակուած բազմաթիւ գիրքերէ։
«Պելկէ» հրատարակչատունը շատ կարեւոր ձեռնարկ մը իրականացուցած է այս գիրքի հրատարակութեամբ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.