Ըստ երաժիշտ Ուտի Երուանդի 647 հազար տոլարի կարիք կայ վեջնականացնելու համար Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգումը
1532
0
Ուտի Երուանդ Պոսթանճի, բնիկ տիգրանակերտցի մը, երաժիշտ, ուտ նուագող,1993 թուականին Թուրքիայէն կը գաղթէ ու կը հաստատուի ՄիացեալՆահանգներ։ Հակառակ Ամերիկայի բարենպաստ պայմաններուն, հոգուով ուսրտով կը մնայ տիգրանակերտցի։ 2004 թուականին կը վերադառնայ իրծննդավայրը՝ Տիգրանակերտ՝ մասնակցելու երաժշտական փառատօնի մը։Քաջալերուած քաղաքապետին՝ Օսման Պայտէմիրի խանդաղատանքէն,2013-ին կ'որոշէ վերադառնալ ապրելու համար իր քաղաքը։ Կը նուիրուի ՍուրբԿիրակոս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան։ Աշխուժօրէն կ'աշխատի եկեղեցիինշինութեան եւ բարեխնամութեան գործերուն, տեղւոյն վրայ կազմուած փոքրիկյանձնախումբի մը հետ։ Կու տայ դրամահաւաքի յատուկ համերգներ։Ըստ Ուտի Երուանդի 5.300.000 (2.637.500 ամերիկեան տոլար) թրքական լիրածախսի նայած է եկեղեցւոյ նորոգութիւնը, որուն 1.300.000ը (647.000 ամերիկեանտոլար) դեռ կը մնայ անվճար։ Աշխարհով մէկ ցրուած Տիգրանակերտցիները եւմանաւա՛նդ տեղացիները յանձն առած են 70 տոկոսը վերանորոգման գումարին։