ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՌԱԶՄԱԿԱՆԱՑՄԱՆ 2013-Ի ՑՈՒՑԱԿԻՆ ՄԷՋ 4-ՐԴ ԴԻՐՔԸ ԿԸ ԳՐԱՒԷ
Միջին արեւելեան չորս երկիրներ՝ Իսրայէլը, Սուրիան, Յորդանանն ու Քուէյթը Համաշխարհային ռազմականացման ցուցակին (ՀՌՑ) վրայ գտնուող առաջին 10 երկիրներուն շարքին են, ինչ որ բազմաթիւ հակամարտութեանց թատերաբեմ եղող նշեալ տարածաշրջանին մէջ ռազմականացման բարձր մակարդակը ցոյց կու տայ։ Աւելին, բացի Քաթարէն, տարածաշրջանի մնացեալ բոլոր երկիրները ՀՌՑ-ի առաջին 40 երկիրներու շարքին են։
Ռուսիոյ եւ Կիպրոսի նման կարգ մը եւրոպական երկիրներ եւս կը շարունակեն այդ ցուցակի առաջին 10 տեղերուն վրայ իրենց դիրքը ամրապնդել։ Կղզիի յոյն եւ թուրք համայնքներու միջեւ տասնամեակներէ ի վեր չլուծուած հակամարտութեան պատճառով՝ Կիպրոսի անունը կանոնաւոր կերպով կ’երեւի ցուցակի առաջին 10 երկիրներու շարքին մէջ։ Մինչ 8-րդ դիրքին վրայ գտնուող Ազրպէյճան նախորդ տարիներուն այդ ցուցակին մէջ արդէն բարձր դիրք մը կը գրաւէր՝ այս տարի Հայաստանի անունն ալ այդտեղ յայտնուած է։ 2013-էն ի վեր Հայաստանի տուեալներուն մէջ նկատի առնուած է նաեւ պահեստի զինուորներու թիւը, ահա թէ ինչու անիկա այժմ, նախորդ տարիներու բաղդատմամբ, նկատառելի կերպով աւելի բարձր դիրք մը կը գրաւէ։ Կովկասի մէջ ռազմական կարողութեանց արագ աճին կողքին դիւանագիտական կարծր ոճի յայտարարութիւններ կը կատարուին եւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ռազմական հակամարտութիւնը վերսկսելու վտանգը գոյութիւն ունի։
BICC-ի հետազօտողներէն Ճան Կրեպ կ’ընդգծէ, որ Միջին Արեւելքի մէջ զինարշաւի տարողութիւնը աննախադէպ է։ Իսրայէլ (ՀՌՑ-ի ցուցակին մէջ առաջին դիրքը կը գրաւէ) Սուրիա (5-րդ), Յորդանան (6-րդ), Քուէյթ (10-րդ), Օման (11-րդ) եւ Սէուտական Արաբիա (13-րդ) տարածաշրջանին մէջ ամէնէն ռազմականացած երկիրներն են։
Միջին Արեւելքի մէջ ռազմական ծախսերը աճի յստակ ընթացքի մը մէջ են։ 2012-ին անոնք 128 միլիառ տոլար էին, երբ 2000-ին այդ գումարը միայն 80 միլիառ տոլար էր, ինչ որ 60 առ հարիւրի աճ մըն է։