ՀՅԴն Պոլսոյ Մէջ Կը Մասնակցի Ընկերվար Միջազգայնականի Նիստերուն


ԵՐԵՒԱՆ.- Կիրակի, 10 Նոյեմբերին, Պոլսոյ մէջ սկսան Ընկերվար Միջազգայնականի ժողովները: Ժողովներուն մասնակցելու համար Պոլիս մեկնած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ բաղկացած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Ընկերվար Միջազգայնականի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեանէն եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանէն:
Կիրակի, 10 Նոյեմբերին, կէսօրէն ետք, գումարուեցաւ նիստը Ընկերվար Միջազգայնականի ելեւմուտքի եւ վարչական յանձնախումբին, որուն անդամ է ՀՅԴն: Ժողովին մասնակցեցաւ Մարիօ Նալպանտեան: Ժողովը քննեց կազմակերպութեան ելեւմտական վիճակը, իրենց պարտաւորութեանց մէջ թերացող անդամ կազմակերպութեանց ընթացքը եւ որդեգրեց կազմակերպութեան Խորհուրդին կողմէ հաստատուելու նպատակով ներկայացուելիք նախահաշիւը՝ 2014ի մուտքերու եւ ելքերու համար:
Նոյն օրը երեկոյեան գումարուեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի նախագահութեան նիստը, որուն մասնակցեցաւ Մարիօ Նալպանտեան: Կազմակերպութեան նախագահ, Յունաստանի ՓԱՍՈՔ կուսակցութեան նախկին ղեկավար եւ երկրի նախկին վարչապետ Ճորճ (Եորղոս) Փափանտրէուի նախագահութեամբ տեղի ունեցած ժողովը անդրադարձաւ միջազգային քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ կազմակերպութեան դիմագրաւած հարցերուն:
Ժողովին ներկայ էր նաեւ հիւրընկալ՝ Ժողովրդահանրապետական (CHP) կուսակցութեան ղեկավար, Ընկերվար Միջազգայնականի փոխնախագահ Քեմալ Քըլըճտարօղլուն: Մարիօ Նալպանտեան իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ կազմակերպութեան հարցերը. մինչ այդ, սակայն, ան նախագահութեան անդամներուն ուղղելով իր խօսքը՝ ըսաւ, թէ իրեն եւ իր կուսակցութեան՝ Դաշնակցութեան համար Պոլսոյ մէջ այս ժողովներուն մասնակցութիւնը պատմական նշանակութիւն ունի, ոչ թէ որովհետեւ պատուիրակութեան անդամներու առաջին այցելութիւնն է Պոլիս, այլ յատկապէս որովհետեւ Դաշնակցութիւնը պաշտօնապէս այս քաղաքին մէջ չէ գտնուած աւելի քան 92 տարիէ ի վեր՝ բոլորին ծանօթ իրադարձութիւններուն պատճառով:
Երկուշաբթի, 11 Նոյեմբերին սկսաւ Ընկերվար Միջազգայնականի խորհուրդի ժողովը: Բացման խօսքերէն ետք յատուկ օրակարգով ելոյթ ունեցան այս տարուան Յունիսին Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակի «Կեզի» այգիի (որ նախապէս եղած է հայկական գերեզմանատուն) պահպանման համար տեղի ունեցած շարժումներուն մասնակիցները՝ ներկայացնելով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հակաժողովրդավարական կեցուածքը այս դէպքերուն նկատմամբ:
Ժողովին գլխաւոր օրակարգն էր՝ «Յատկապէս Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ ժողովրդավարութեան համար պայքարներուն առնչուող ընթացիկ տագնապներ եւ խաղաղութեան ու անվտանգութեան սպառնացող հակամարտութիւններ»: Բացի անդամ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներէն, այս օրակարգով ելոյթ ունեցան նաեւ Սուրիոյ ընդդիմադիրներու ներկայացուցիչներ եւ Արաբական լիկայի գլխաւոր քարտուղարի ներկայացուցիչը:
Ելոյթ ունենալով՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան ըսաւ, թէ Սուրիոյ տագնապը ունի միայն քաղաքական լուծում, որուն պէտք է մասնակցին բոլոր անոնք, որոնք համաձայն են երկխօսութան ճամբով հասնելու քաղաքական լուծման մը, եւ պէտք է յարգուին առանց բացառութեան բոլորին իրաւունքները: Սուրիոյ ժողովուրդին բարեփոխումներու արդար պահանջը խափանուեցաւ՝ արտասահմանէն եկած ծայրայեղական խմբաւորումներու զինեալ մասնակցութեան իբրեւ հետեւանք: Սուրիան բազմացեղային, բազմակրօն եւ բազմամշակութային երկիր ու հասարակութիւն է, ըսաւ Նալպանտեան, ուր հայերս, տեղւոյն ժողովուրդներուն եւ կրօնքներուն հետ ապրած ենք աւելի քան հազար տարի եւ պայքարած՝ մեր իրաւունքներուն համար: «Կը զօրակցինք Ընկերվար Միջազգայնականի այն ճիգերուն, որոնց նպատակն է երկխօսութեան ճամբով նպաստել հարցի լուծման եւ ապահովել բոլոր կողմերու մասնակցութիւնը «Ժընեւ-2ի» խորհրդակցութիւններուն», ըսաւ ՀՅԴի ներկայացուցիչը եւ աւելցուց, որ անհրաժեշտ է պահպանել Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, որովհետեւ այլապէս պիտի խախտի նաեւ տարածաշրջանի այլ երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը՝ շարունակելով իր խօսքը ըսաւ, թէ Միջին Արեւելքի մէջ գոյութիւն ունեցող անկայունութիւնը արեւելեան Միջերկրականէն կը հասնի մինչեւ Կասպից Ծով, որովհետեւ այնտեղ առկայ է ահաւոր սպառազինում, որ կը զուգորդուի ռազմատենչ հռետորութեամբ: «Այս տարածաշրջանը կարիքը ունի ներդրումներու, կարիք ունի աշխատատեղերու, կարիք ունի զարգացումի, որոնք կը բարելաւեն կրթութիւնն ու առողջապահութիւնը եւ կը բաւարարեն շրջանի ժողովուրդներու ընկերային կարիքները, ապագայի նկատմամբ յոյս կու տան երիտասարդութեան եւ այդպիսով երիտասարդութիւնը հեռու կը պահեն ծայրայեղականութիւններէ՝ ահաբեկչութենէ եւ թմրանիւթերէ: Այդ պատճառով ալ, համաձայն եմ այսօր հնչած այն գնահատականներուն, թէ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը չէ նպաստած կայունութեան հաստատման, յատկապէս երբ նկատի ունենանք, որ Թուրքիոյ կողմէ դէպի Սուրիա տեղի ունեցաւ ապակայունացնող ամէն ինչի ներհոսք: Իսկ միւս կողմէ, Թուրքիան միակողմանի եւ անարդար կերպով արդէն քսան տարիէ ի վեր փակ կը պահէ Հայաստանի հետ սահմանը: Ժամանակը հասած է, որ Թուրքիան վերանայի իր պատմութիւնը եւ ընդունի իր պատասխանատուութիւնը 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ծրագրման եւ իրագործման համար», ըսաւ Մարիօ Նալպանտեան:
Նալպանտեան իր խօսքը աւարտեց՝ շեշտելով. «Կը հաւատանք, որ ամբողջ տարածաշրջանի հակամարտութիւնները կը լուծուին երկխօսութեան եւ հակամարտութիւններու մնայուն կարգաւորման համար փնտռտուքներու ճամբով: Այս տեսանկիւնէն կը հաւատանք, որ Ընկերվար Միջազգայնականը պէտք է նպաստէ առկայ օրինակին (paradigm) եւ հաւասարութեան փոփոխութեան, ուր պէտք է ապահովել ներդրումներ, ստեղծել նոր աշխատատեղեր, զարգացնել գիտութիւնն ու ճարտարուեստը, բարելաւել առողջապահութիւնը»:
Նշենք, որ Ընկերվար Միջազգայնականի խորհուրդի ժողովը կը շարունակուի:
Ընկերվար Միջազգայնականը ընկերվար-ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ համախմբող համաշխարհային կառոյց է: Անիկա կը համախմբէ բոլոր ցամաքամասերէն աւելի քան 140 երկիրներու շուրջ 160 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ:
ԱՊՀ երկիրներու կուսակցութիւններէն լիիրաւ անդամի կարգավիճակ ստացած առաջին կուսակցութիւնը եղած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (2003ին): ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան կազմակերպութեան փոխնախագահ է, իսկ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանը՝ ԱՊՀ, Կովկասի եւ Սեւծովեան տարածաշրջանային յանձնախումբի համանախագահ: ՀՅԴն նաեւ անդամ է կազմակերպութեան ելեւմուտքի եւ վարչական յանձնախմբին: ՀՅԴի համապատասխան կառոյցները լիիրաւ անդամ են Կանանց Ընկերվար Միջազգայնականին (SIW) եւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային միութեան (IUSY):


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.