Ցեղասպանութեան Որբերուն Գորգը Ցուցադրելու Կոչ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 7 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ մօտաւորապէս 30 քոնկրեսականներ միացած են Էտըմ Շիֆի եւ Տէյվիտ Վալատաոյի սկսած ստորագրահաւաքին ու նամակ յղած են Սպիտակ տուն՝ պահանջելով կառավարութենէն, որ վերացնէ Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրած որբերուն պատրաստած ու Սպիտակ տան նուիրուած պատմական գորգը ցուցադրելու դէմ դրուած արգելքը:
Կոչը ստորագրողներու շարքին են Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյս:
Ինչպէս հաղորդած էինք՝ Սպիտակ տունը անակնկալօրէն մերժած է գորգը «Սմիթսոնիըն» հիմնարկին մէջ Դեկտեմբեր 16ին ցուցադրելու առաջարկը՝ անոր նախնական հաւանութիւն տալէ ետք: Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Հայ մշակութային հիմնարկութեան եւ Հայկական գորգի ընկերակցութեան համագործակցութեամբ:
Գործը մօտաւորապէս 20 տարիէ ի վեր Սպիտակ տան պահեստարանին մէջ կը մնայ: 1925ին անիկա նուիրուած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Քելվին Քուլիճի, իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն՝ Ցեղասպանութեան օրերուն Ուաշինկթընի եւ ամերիկացիներու կողմէ հայութեան մատուցուած աջակցութեանց համար:
Իրենց նամակին մէջ քոնկրեսականները կը յիշեն, թէ գորգը մաս կը կազմէ ամերիկեան պատմութեան, եւ հակառակ վերջին տասնամեակին ամերիկահայութեան տարած ջանքերուն՝ զայն ցուցադրելու փորձերը ձախողութեան մատնուած են:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ամերիկահայութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնած է քոնկրեսականներուն՝ յոյս յայտնելով, որ Սպիտակ տունը դէմ կը դնէ պատմութիւնը թաքցնելու Թուրքիոյ ջանքերուն:
Նշեալ քոնկրեսականներուն կողքին, նամակին տակ ստորագրած են հետեւեալները. Նիթա Լոուի, Սենտըր Լեւին, Մայքըլ Կրիմ, Ֆրենք Փալոն, Ֆրենք Ուոլֆ, Ճէյմզ ՄըքԿաւըրն, Թոնի Քարտենազ, Տէյվիտ Սիսիլին, Ճիմ Քոսթա, Ճեք Տենըմ, Ճան Տինկըլ, Սքաթ Կարեթ, Ռաուլ Կրիճալվա, Ռաս Հոլթ, Մայք Հոնտա, Ճին Լենկվին, Պարպարա Լի, Քերըլայն Մըլոնի, Կրէյս Նափոլիթանօ, Տէյվիտ Նունիէզ, Կերի Փիթըրզ, Ռաուոլ Ռուիզ, Ճան Սարպէյնզ, Ճեն Շաքովսքի, Էրըն Շոք, Պրետ Շըրմըն, Ճեքի Սփիր, Ճան Թիեռնի եւ Տինա Թայթըս:
Գորգին պատմութիւնը ուսումնասիրած Միսաք Քէլէշեանը կը յայտնէ, թէ 1925ին ամերիկեան մամուլը լուսարձակի տակ առած էր որբերուն այս նուէրը: Գորգին մասին Յակոբ Մարթին Տէրանեանի հատորը հրապարակուած էր այս տարուան Հոկտեմբեր 20ին: «President Coolidge and the Armenian Orphan Rug» գիրքէն օրինակ մը կարելի է ապսպրել՝ այցելելով www.amazon.com/President-Calvin-Coolidge-Armenian-Orphan/dp/061584734X կայքէջը:
Այս գծով յաւելեալ մանրամասնութեանց համար, այցելել Հայ Դատի www.anca.org/orphanrug/theworld կայքէջը: