ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՈՂ ԽՈՐՀԴԱԺՈՂՈՎ ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ՔՈՆՔՈՐՏԻԱ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ


Ֆրանք Չոք

 

Մոնթրէալի «Տը Կազեթ» օրաթերթը 3 նոյեմբերի իր թիւով կը գրէ, որ մինչ եւրոպական շարք մը թանգարաններ թալանուած արուստի գործերու պատճառով գայթակղութիւններ կը դիմագրաւեն՝ Քոնքորտիա համալսարանի թալանուած մշակոյթներու շուրջ միջազգային խորհրդաժողովը ճիշդ ատենին կազմակերպուած է։

Մինչ թալանուած արուեստի գործերու պարագային ուշադրութիւնը Համաշխարհային Բ պատերազմի ընթացքին նացիներու կողմէ կատարուած թալանին վրայ կեդրոնացած է՝ Քոնքորտիա համալսարանի խորհրդաժողովին նպատակը այդ հարցը ընդլայնելով ժողովուրդներու դէմ գործուած անարդարութիւնը ը քննարկելն է։

Երբ թալանուած արուեստի մասին կը խօսին մարդիկ եւրոպացի վարպետներու գործերուն մասին կը մտածեն, սակայն ի՞նչու Թուրքիոյ մէջ հայերու կրօնական արուեստին դէմ յարձակումին մասին չմտածել։

Մոնթրէալի ցեղասպանութեան հիմնարկի եւ Քոնքորտիա համալսարանին մէջ մարդկային իրաւանց ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Ֆրանք Չոք նշեալ խորհրդաժողովի կազմակերպիչներէն մէկն է։

Խորհրդաժողովին կը մասնակցին Քանատայի բնիկ հնդիկներու, հայերու եւ հրեաներու ջարդի պատմութեանց ականաւոր մասնագէտներ, որոնք պիտի քննարկեն այդ սպանդներուն դրդապատճառները եւ կատարուածին հետեւանքները։

Խորհրդաժողովի բանախօսներէն է ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանի «60 վայրկեաններ» յայտագիրի լրագրողներէն Մորլի Սէյֆըր, որ թալանուած արուեստին հարցին նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն ունի։

Ֆրանք Չաք կը յայտնէ, որ Միջին Արեւելքի իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, թէ մշակոյթի դէմ յարձակումները տակաւին կը շարունակուին եւ անոնք յաճախ ցեղասպանութեան կ՚առաջնորդեն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.