ՁԻԹԵՆԻՆ ՔԱ 4000-ԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ՊԱՂԵՍՏԻՆ ԲԵՐՈՒԱԾ Է


 

Քուէյթեան լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Զէյթունա» (ձիթապտուղ) թանգարանը, որ վերջերս Արեւելեան Թունուզի Սուս քաղաքին մէջ բացուեցաւ թունուզեան մշակութային ժառանգին մէջ նոր յաւելում մը կը նկատուի, շնորհիւ թունուզցիներու եւ միջերկրականեան տարածաշրջանի մարդոց կեանքին մէջ ձիթենիին ունեցած առանցքային դերակատարութեան 
Թանգարանի տնօրէն Ալի Քատիրա յայտնած է, որ նպատակ ունի ապագայ սերունդերու համար պահպանելու այս «օրհնեալ» ծառին ժառանգութիւնը՝ նշելով, որ այս ծառը 3000 տարիներու ընթացքին Թունուզի իշխած պէրպէրներու, փիւնիկեցիներու, բիւզանդացիներու, արաբներու, սպանացիներու եւ թուրքերու նման տարբեր քաղաքակրթութեանց դիմաց կանգուն մնացած է։ Ան նշեց, որ արձանագրուած ամէնէն հին փաստաթուղթերը կը հաղորդեն, որ ձիթենին 4000 տարի առաջ Հայաստանէն Պաղեստին բերուած է, ապա փիւնիկեցիներու կողմէ Յունաստան տարուած եւ հետագային՝ Հիւսիսային Ափրիկէ, մասնաւորաբար Թունուզ։

Հին ժամանակներէն ի վեր ձիթաիւղը Թունուզի եւ տարածաշրջանի այլ երկիրներու ընտրախաւին ու երեւելիներու ընտրանքն էր։ Անիկա կ՚օգտագործուէր կրօնական ծեսերու մէջ, իբրեւ մարձումի իւղ, անուշահոտերու արտադրութեան եւ այլ բժշկական նպատակներու համար։ Ըստ վերջին տուեալներու, Թունուզի տարածքին գոյութիւն ունին 55 միլիոն ձիթենիներ, որոնք շուրջ 1.6 միլիոն հեքթարի կամ Թունուզի արտերուն 30 առ հարիւրին վրայ կը տարածուին։ Թունուզ Եւրոպական Միութեան պետութիւններուն, մասնաւորաբար Իտալիայէն եւ Սպանիայէն ետք, աշխարհի վրայ ձիթաիւղի երկրորդ ամենէն մեծ արտադրիչն ու արտածողն է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.