Թուրքիա Կը Պատրաստուի Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու, «1915 թուականի դէպքերը», առանց զանոնք Հայկական Ցեղասպանութիւն կոչելու՝ կը նկատէ մեծ ողբերգութիւն: Ան այս հաստատումը կատարած է «Թարաֆ»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին: Լրագրողի այն հարցումին, թէ ինչպիսի՞ բնորոշում կարելի է տալ հայ ժողովուրդին հետ պատահածին՝ Քըլըճտարօղլու պատասխանած է. «1915 թուականի դէպքերը օսմանեան պատմութեան ամենատրամաթիկ էջերէն են: Ըստ էութեան՝ զանոնք կարելի չէ չնկատել: Սակայն, այդ հարցին կապակցութեամբ բաւական թիւով արխիւային փաստաթուղթեր չեն լուսաբանուած: Անհրաժեշտ է հրապարակել ոչ միայն օսմանեան, այլեւ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի արխիւները»:
Քըլըճտարօղլու յայտնած է, որ 2015ին ընդառաջ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ որոշ նախապատրաստութիւններ կը կատարուին՝ կապուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին հետ: Յայտնելով իր գլխաւորած կուսակցութեան պաշտօնական տեսակէտը՝ ընդդիմադիր գործիչը հերթական անգամ առաջարկած է հարցը ձգել պատմաբաններուն:
Անդրադառնալով Հրանդ Տինքի սպանութեան՝ ընդդիմութեան ղեկավարը նշած է, որ անհրաժեշտ չափով հետաքննութիւն չի կատարուիր այդ հարցին մէջ, մինչ յանցագործութեան իսկական պատասխանատուները պաշտօնի բարձրացում կը ստանան:
«Յանցագործութեան որոշ պատասխանատուները կը դառնան պատգամաւորներ, ոմանք՝ նախարարներ: Այս բոլորը լաւ չէ 21րդ դարու Թուրքիոյ վարկին համար: Փողոցին մէջտեղը մարդ կը սպաննեն, սակայն կառավարութիւնը համապատասխան միջոցառումներ չի իրականացներ: Հրանդ Տինք մեր մարդոցմէ էր: Այս հողերու մարդն էր. Անատոլիոյ մարդ, լրագրող, մտաւորական: Իշխանութիւնները, որոնք կը պաշտպանեն օրէնքի ու ժողովրդավարութեան գերակայութիւնը, պէտք է ճշմարտութիւնը բացայայտեն: Եթէ չեն բացայայտեր, ապա ուրեմն այդ յանցագործութեան մասնակից են: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը այս յանցագործութեան մասնակիցն է», յայտարարած է Քեմալ Քըլըճտարօղլու:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.